Միջազգային

«14 Փետրուարին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Այցելութենէս Ետք Թուրքիան Ծոցի Երկիրներուն Հետ Յարաբերութեան Նոր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Եթէ Ռուսիան Ուքրանիոյ Վրայ Յարձակի, Թուրքիան Հանդէս Պիտի Գայ Իբրեւ ՕԹԱՆ-ի Անդամ Երկիր» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիան Ուքրանիա ռուսական ներխուժման պարագային պիտի շարունակէ կատարել  ՕԹԱՆ-ի ծիրին մէջ իր պարտաւորութիւնները: Այս մասին թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: «Այժմ մենք կ՛ուզենք երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան միջոցով լուծում գտնել ներկայ ճգնաժամին: Մենք կը շարունակենք Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ կոչ ուղղել` կառուցողական եւ զսպուած պահուածք ունենալու: Սակայն Թուրքիան պիտի կատարէ ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու պահանջները»,...

«Ներկայիս ՕԹԱՆ-ի Դէպի Արեւելք Ընդլայնում Ընդհանրապէս Չի Նախատեսուիր»   Կ՛ըսէ Պերպոք

«Ներկայիս ՕԹԱՆ-ի Դէպի Արեւելք Ընդլայնում Ընդհանրապէս Չի Նախատեսուիր» Կ՛ըսէ Պերպոք

ՕԹԱՆ-ը ներկայիս չի պատրաստուիր իր շարքերը ընդունիլ Արեւելեան Եւրոպայէն նոր երկիրներ: Այս մասին «Ֆունքէ Մետիենկրուփէ»-ի հետ հարցազոյցի ընթացքին յայտարարած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անալենա Պերպոքը: «Ներկայիս ՕԹԱՆ-ի դէպի Արեւելք ընդլայնումը ընդհանրապէս չի նախատեսուիր: Ուստի Մոսկուայի մէջ ես Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ երկար քննարկում կը վարէի այն հարցերուն մասին, որոնց շուրջ մենք կը վիճինք», ըսած է գերմանական դիւանագիտութեան պետը:...

«Ուաշինկթըն Անվտանգութեան Երաշխիքներու Նախաձեռնութեան Պատասխանին Մէջ Չանդրադարձաւ Օթան-ի Դէպի Արեւելք Ընդլայնումը Դադրեցնելուն»   Կ՛ըսէ Լաւրով

«Ուաշինկթըն Անվտանգութեան Երաշխիքներու Նախաձեռնութեան Պատասխանին Մէջ Չանդրադարձաւ Օթան-ի Դէպի Արեւելք Ընդլայնումը Դադրեցնելուն» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ Մոսկուայի կողմէ առաջարկուած անվտանգութեան երաշխիքներու նախաձեռնութեան իրենց պատասխանին մէջ չեն անդրադարձած ռուսական կարեւորագոյն պահանջին` ՕԹԱՆ-ի դէպի արեւելք ընդլայնումը դադրեցնելուն: «Ուաշինկթընի` անվտանգութեան երաշխիքներուն վերաբերեալ պատասխանները լուրջ, սակայն երկրորդական հարցերու շուրջ երկխօսութեան սկսման նկատմամբ յոյս կը ներշնչեն», ըսաւ Լաւրով: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ 26 յունուարին անվտանգութեան երաշխիքներու նախաձեռնութեան իրենց գրաւոր պատասխանը յանձնեցին...

ՕԹԱՆ-ի Անդամները Իրենց Ուժերը Կը Բերեն Պատրաստ Վիճակի Եւ Արեւելեան Եւրոպայի Մէջ Տեղակայման Նպատակով Յաւելեալ Նաւեր Ու Կործանիչներ Կ՛ուղարկեն

«Ռուսիան Պէտք Է Զօրքերը Հեռացնէ Ուքրանիայէն, Վրաստանէն Եւ Մոլտովայէն» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

Ռուսիան պէտք է դադրեցնէ իր նախայարձակումը եւ իր զօրքերը հեռացնէ Ուքրանիայէն, Վրաստանէն եւ Մոլտովայէն: Ռուս զինուորները այս երկիրներու տարածքին մէջ կը գտնուին առանց այդ երկիրներու կառավարութիւններուն համաձայնութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Առ.Պի.Սի.-Ուքրանիա»-ն` յղում կատարելով ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկին: «Ռուսիան պէտք է զերծ մնայ յարձակողական գործողութիւններէն եւ իր զօրքերը դուրս բերէ Ուքրանիայէն, Վրաստանէն եւ Մոլտովայէն, ուր անոնք կը տեղակայուին առանց...

Միացեալ Նահանգներու Քաղաքացիներուն Տրուած` Ուքրանիան Լքելու Խորհուրդը Չի Նշանակեր Վստահութիւն, Որ Ռուսական Ներխուժում Պիտի Ըլլայ»  Կ՛ըսէ Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներու Քաղաքացիներուն Տրուած` Ուքրանիան Լքելու Խորհուրդը Չի Նշանակեր Վստահութիւն, Որ Ռուսական Ներխուժում Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն տրուած` Ուքրանիան լքելու յանձնարարականը չի նշանակեր, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը վստահ է, որ հանրապետութեան տարածք ներխուժում կրնայ կատարուիլ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Այս որոշումը հիմնուած էր միայն մէկ գործօնի վրայ` մեր գործընկերներուն եւ անոնց ընտանիքներուն անվտանգութիւնը: Եւ հաշուի առնելով Ուքրանիոյ սահմաններուն վրայ ռուսական զինուորական...

«14 Փետրուարին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Այցելութենէս Ետք Թուրքիան Ծոցի Երկիրներուն Հետ Յարաբերութեան Նոր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«14 Փետրուարին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Այցելութենէս Ետք Թուրքիան Ծոցի Երկիրներուն Հետ Յարաբերութեան Նոր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան,  անդրադառնալով Արաբական ծոցի երկիրներուն հետ իր յարաբերութիւններուն,  յայտարարեց. «Վերջին շրջանին, Ծոցի երկիրներուն հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ լաւ ընթացք ունեցանք, մասնաւորաբար Քաթարի եւ շրջանային կարգ մը այլ երկիրներուն միջեւ անիմաստ տագնապի աւարտէն ետք, ինչ որ շրջանին մէջ գործակցութեան նոր ոգի ստեղծեց»: «Այս նոր միջավայրին մէջ, իմ կարծիքովս` Ծոցի շրջանին նկատմամբ մեր բարի կամեցողութիւնը սկսաւ աւելի լաւ...

Մետվետեւ Խօսած Է Միացեալ Նահանգներու` Անվտանգութեան Երաշխիքներէն Հրաժարելնուն Հետեւանքներուն Մասին

Մետվետեւ Խօսած Է Միացեալ Նահանգներու` Անվտանգութեան Երաշխիքներէն Հրաժարելնուն Հետեւանքներուն Մասին

Սպառազինման մասին տարատեսակ համաձայնագիրներէն դուրս գալը միշտ վատ որոշում է, սակայն եթէ Միացեալ Նահանգները Ռուսիոյ ռազմավարական անվտանգութեան երաշխիքներ չտայ, ապա նման համաձայնագիրներու երկարաձգման մասին, ինչպէս օրինակ` ռազմավարական յարձակողական սպառազինման սահմանափակման հարցին մէջ, բաւական բարդ պիտի ըլլայ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ: «Ինչ կը վերաբերի տարբեր համաձայնագիրներէն դուրս գալուն, գիտէք, ատիկա...

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  «Սիոնական Վարչակարգը Չի Կրնար Իսլամ Ժողովուրդներուն Բարեկամ Ըլլալ»   Կ՛ըսէ Իրանի Նախագահը

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Սիոնական Վարչակարգը Չի Կրնար Իսլամ Ժողովուրդներուն Բարեկամ Ըլլալ» Կ՛ըսէ Իրանի Նախագահը

Իրանի նախագահի կայքը հաղորդեց, որ նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին ընդունած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը: Հանդիպումի ընթացքին Իրանի նախագահը նշած է, որ Իրանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնը Ազրպէյճանի հետ համագործակցութեան զարգացումն է, յատկապէս Կովկասի մէջ: Ան ըսած է, որ հաւատադրժողական եւ ՏԱՀԵՇ-ի ուժերու որեւէ վայրի մէջ ներկայութիւնը ձեռնտու չէ շրջանի ժողովուրդներուն: «Միացեալ Նահանգներուն եւ սիոնական վարչակարգին կողմէ ստեղծուած այս խումբերը ամէնուր...

«Պայտըն Ուքրանիա Ամերիկեան Ուժեր Ուղարկելու Մտադրութիւն Չունի»  Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

«Պայտըն Ուքրանիա Ամերիկեան Ուժեր Ուղարկելու Մտադրութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Ուքրանիա ամերիկեան ուժեր ուղարկելու մտադրութիւն չունի: «Արմէնփրես»` յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են ամերիկեան վարչակազմէն: Սպիտակ տունը նաեւ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը դրականօրէն տրամադրուած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ գործակցութեան նկատմամբ, սակայն այս պահու դրութեամբ նոր հաղորդակցութիւններու մասին որոշում չկայ: Փենթակոն նախապէս յայտարարած էր, որ Միացեալ...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Վերջնագիր Ներկայացուցած Է Ռուսիոյ Դեսպանին

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Վերջնագիր Ներկայացուցած Է Ռուսիոյ Դեսպանին

Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իրեն պիտի ստիպէ մինչեւ ապրիլ հեռանալ Միացեալ Նահանգներէն, եթէ Մոսկուան չկատարէ Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի թիկնապահներուն մուտքի արտօնագիր տրամադրելու հարցին վերաբերեալ Ուաշինկթընի պահանջները: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Կազեթա» կայքը: «Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն մէջ մեր աշխատակիցներուն յստակ ըսուած է, որ...

Իսրայէլի Նախագահը Յառաջիկայ Շաբաթ Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Կ՛այցելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Իսրայէլի Նախագահը Յառաջիկայ Շաբաթ Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Կ՛այցելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Իսրայէլի նախագահ Եիցհաք Հերցոկ յայտարարեց, որ այս ամսուան վերջաւորութեան Ապու Տապիի գահաժառանգ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետի պաշտօնական հրաւէրով պիտի այցելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Հերցոկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Յառաջիկայ շաբաթ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Իսրայէլի նախագահ մը պիտի այցելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պետական «Քան» պատկերասփիւռի կայանը: «Այս կարեւոր այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ այն պահուն, երբ Իսրայէլի...

«Ռուսական Ընկերութիւնները 14 Դիմում Ուղարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Նախագիծերու Իրականացման Համար» Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

«Ռուսական Ընկերութիւնները 14 Դիմում Ուղարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Նախագիծերու Իրականացման Համար» Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

Ռուսական ընկերութիւնները 14 դիմում ուղարկած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նախագիծերու իրականացման համար: «Թերթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Պոչառնիքով: «Ռուսական ընկերութիւնները 14 դիմում ներկայացուցած են Ղարաբաղի մէջ նախագիծերու որոշակի առաջարկներով, որոնց մեծ մասը պայմանագրային նախագիծեր են, սակայն կան նաեւ ներդրումային ծրագիրներ արդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսութեան ոլորտներուն մէջ», ըսած է ան:

«Մոսկուան Անվտանգութեան Երաշխիքներու Առաջարկներուն Վերաբերեալ Ամերիկեան Անվերջ Ձգձգումը Պիտի Չարտօնէ» Կ՛ըսէ Լաւրով

«Մոսկուան Անվտանգութեան Երաշխիքներու Առաջարկներուն Վերաբերեալ Ամերիկեան Անվերջ Ձգձգումը Պիտի Չարտօնէ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտարարեց. «Մոսկուա հակադարձութեան քայլեր պիտի որդեգրէ, եթէ Արեւմուտքը անտեսէ Ուաշինկթընի հետ անվտանգութեան երաշխիքներու վերաբերեալ ռուսական պահանջները»: «Ուաշինկթըն Քիեւը Ռուսիոյ դէմ ուղղակի սադրանքներու կը մղէ», ըսաւ ան` նշելով. «Ուաշինկթըն ու Եւրոպայի մէջ անոր դաշնակիցները Ռուսիան զսպելու ջանքերը կը կրկնապատկեն»: «Մոսկուան անվտանգութեան երաշխիքներու առաջարկներուն շուրջ քննարկումներուն անվերջ ձգձգումը պիտի չարտօնէ», շեշտեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով....

«Եթէ Ռուսիան Ուքրանիոյ Վրայ Յարձակի, Ատիկա Պիտի Ըլլայ Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն Ի Վեր Մեծագոյն Ներխուժումը» Կ՛ըսէ Պայտըն

«Եթէ Ռուսիան Ուքրանիոյ Վրայ Յարձակի, Ատիկա Պիտի Ըլլայ Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն Ի Վեր Մեծագոյն Ներխուժումը» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ըսած է, որ պիտի քննարկէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի դէմ անձնական պատժամիջոցներու սահմանումը, եթէ Ռուսիան Ուքրանիա ներխուժէ: «Տը Կարտիըն» կը նշէ, որ Պայտըն այս մասին յայտարարած է, մինչ արեւմտեան ղեկավարները կ՛ուժեղացնեն զինուորական նախապատրաստական աշխատանքները ՕԹԱՆ-ի ուժերը պատրաստ վիճակի բերելու` ի պատասխան Ուքրանիոյ հետ սահմանին մօտ Ռուսիոյ զօրքերու կուտակումին: Ըստ Պայտընի, եթէ Ռուսիան յարձակի, ատիկա պիտի...

Ռուսիան Սեւ Ծովուն Մէջ Աւելի Քան 20 Նաւու Մասնակցութեամբ Մեծ Ռազմափորձերու Սկսած Է

Ռուսիան Սեւ Ծովուն Մէջ Աւելի Քան 20 Նաւու Մասնակցութեամբ Մեծ Ռազմափորձերու Սկսած Է

Ռուսիոյ Սեւծովեան նաւատորմիղը 26 յունուարին սկսած է մեծ ռազմափորձերու, որոնց կը մասնակցի քանի մը նաւախումբ: Այս մասին կը յայտնէ «Ինթըրֆաքս Ուքրանիա»-ն` յղում կատարելով Ռուսիոյ Սեւծովեան նաւատորմիղի սպայակոյտին: Յածանաւերը, պարեկային նաւերը, փոքր հրթիռային նաւերը եւ հրթիռային նաւակները, ցամաքահանումի նաւերը, փոքր հակասուզանաւային նաւերը, ինչպէս նաեւ ականակիրները մասնակից են առաջադրանքներու կատարման: Կը նշուի, որ ընդհանուր առմամբ ռազմափորձերուն կը մասնակցին աւելի քան 20 նաւեր:

«ՕԹԱՆ-ը Այս Շաբաթ Պիտի Պատասխանէ Անվտանգութեան Վերաբերեալ Ռուսական Առաջարկներուն» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

«ՕԹԱՆ-ը Այս Շաբաթ Պիտի Պատասխանէ Անվտանգութեան Վերաբերեալ Ռուսական Առաջարկներուն» Կ՛ըսէ Սթոլթենպերկ

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարած է, որ դաշինքը այս շաբաթ գրաւոր պատասխան պիտի ուղարկէ անվտանգութեան երաշխիքներու վերաբերեալ ռուսական առաջարկներուն` համակարգելով Միացեալ Նահանգներուն հետ: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Սթոլթենպերկի «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցին: «Մենք կ՛աւարտենք ՕԹԱՆ-ին ուղարկուած առաջարկներու գրաւոր փաստաթուղթը, որ մենք այս շաբաթավերջին պիտի ուղարկենք: Մենք ատիկա պիտի ընենք Միացեալ Նահանգներուն հետ միասին», ըսած է...

Ֆրանսացի Երեսփոխան Մը Արծարծած Է Ֆրանսայի` ՕԹԱՆ-էն Դուրս Գալու Հարցը

Ֆրանսացի Երեսփոխան Մը Արծարծած Է Ֆրանսայի` ՕԹԱՆ-էն Դուրս Գալու Հարցը

Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ արծարծուած է երկրի` ՕԹԱՆ-էն դուրս գալու հարցը: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ նման առաջարկով Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիանին դիմած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան Միշել Լարիվը: Անոր համաձայն, ՕԹԱՆ-ը պէտք էր Պաղ պատերազմի աւարտէն ետք լուծարուէր: Փոխարէնը, դաշինքը շարունակած է վերջին երեսուն տարիներուն ընդլայնիլ: «Ֆրանսան բնաւ շահագրգռուած չէ միանալու Չինաստանի եւ Ռուսիոյ դէմ ուղղուած ռազմատենչ...

«ՕԹԱՆ-ի Ոչ Մէկ Անդամ Պատրաստ Է Զօրքեր Ուղարկելու Ուքրանիա»  Կ՛ըսէ Ճոնսըն

«ՕԹԱՆ-ի Ոչ Մէկ Անդամ Պատրաստ Է Զօրքեր Ուղարկելու Ուքրանիա» Կ՛ըսէ Ճոնսըն

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն ըսած է, որ ներկայ պահուն չկայ ՕԹԱՆ-ի անդամ մը, որ պատրաստ է մեծ զօրակազմ ուղարկելու Ուքրանիա: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւն: Ճոնսըն նշած է, որ ՕԹԱՆ-ի զօրքերը դժուար թէ կացութեան սրման պարագային ուղղուին Ուքրանիա, որովհետեւ այդ երկիրը դաշինքի անդամ չէ: «Ես գիտեմ, որ յուզական առումով շատերը համամիտ են ատոր հետ: Ի հարկէ, բնազդաբար...

Մաքրոն Փութինին Պիտի Առաջարկէ Ուքրանիոյ Խնդիրի Լուծման Իր Տարբերակը

Մաքրոն Փութինին Պիտի Առաջարկէ Ուքրանիոյ Խնդիրի Լուծման Իր Տարբերակը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն մտադիր է իր ռուս գործընկեր Վլատիմիր Փութինին առաջարկել ուքրանական ճգնաժամի լարուածութեան մեղմացման իր տարբերակը: Այս մասին կը գրէ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը: «Նախագահը լարուածութեան մեղմացման ուղիներ պիտի առաջարկէ իր ռուս գործընկերոջ հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ մօտ օրէն», ըսած է Ֆրանսայի նախագահի վարչակազմի աղբիւրը: Ան նաեւ հաստատած է, որ այսօր Փարիզի մէջ նախատեսուած է...

«Իրանի, Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի Դաշինքը Արեւմուտքի Համար Կրնայ Շատ Ցաւոտ Ըլլալ»  Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Մէջ Իրանի Դեսպանը

«Իրանի, Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի Դաշինքը Արեւմուտքի Համար Կրնայ Շատ Ցաւոտ Ըլլալ» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Մէջ Իրանի Դեսպանը

Իրանի, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հաւանական դաշինքը Արեւմուտքի համար շատ ցաւոտ պիտի ըլլայ: Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ մէջ Իրանի դեսպան Քասեմ Ժալալին Հիւսիսային Կովկասի Հիւսիսային Օսեթիոյ շրջան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ: «Բնականաբար Միացեալ Նահանգները եւ Արեւմուտքը, ընդհանուր առմամբ, մտահոգուած են ձեւաւորումովը նոր դաշինքներու, որոնք այսօր կը ստեղծուին միջազգային ասպարէզին մէջ: Իրանի, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի դաշինքը...

Page 286 of 882 1 … 285 286 287 … 882

Արխիւներ