Ռուսիան պէտք է դադրեցնէ իր նախայարձակումը եւ իր զօրքերը հեռացնէ Ուքրանիայէն, Վրաստանէն եւ Մոլտովայէն: Ռուս զինուորները այս երկիրներու տարածքին մէջ կը գտնուին առանց այդ երկիրներու կառավարութիւններուն համաձայնութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Առ.Պի.Սի.-Ուքրանիա»-ն` յղում կատարելով ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկին:
«Ռուսիան պէտք է զերծ մնայ յարձակողական գործողութիւններէն եւ իր զօրքերը դուրս բերէ Ուքրանիայէն, Վրաստանէն եւ Մոլտովայէն, ուր անոնք կը տեղակայուին առանց այդ երկիրներու համաձայնութեան», ըսած է Սթոլթենպերկ:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը աւելցուցած է, որ ռուսական կողմը պէտք է կառուցողական կերպով համագործակցի Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած կացութիւնը կարգաւորելու համար, նաեւ` նորմանտական ձեւաչափի ծիրին մէջ:



