Միջազգային

Խրուաթիան Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Տագնապի Պարագային Իր Զինուորները ՕԹԱՆ-էն Տուն Պիտի Կանչէ

Խրուաթիան Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Տագնապի Պարագային Իր Զինուորները ՕԹԱՆ-էն Տուն Պիտի Կանչէ

Խրուաթիոյ իշխանութիւնները Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ տագնապի բռնկումին պարագային իրենց զինուորները տուն  պիտի կանչեն Արեւելեան Եւրոպայի մէջ տեղակայուած ՕԹԱՆ-ի ուժերէն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հաղորդումով` այս մասին յայտարարած է հանրապետութեան նախագահ Զորան Միլանովիչ: «Ես` խրուաթական բանակի գերագոյն ընդհանուր հրամանատարս, կը հետեւիմ յայտարարութիւններուն, որոնց համաձայն, ՕԹԱՆ-ը (ոչ թէ առանձին պետութիւն, ո՛չ ալ Միացեալ Նահանգները) կը մեծցնէ իր ներկայութիւնը եւ հետախուզական նաւեր կ՛ուղարկէ:...

ԵԽԽՎ-ն Նոր Ղեկավար Ունի

ԵԽԽՎ-ն Նոր Ղեկավար Ունի

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նոր նախագահ ընտրուած է նետերլանտցի ծերակուտական Թինի Քոքսը: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը վկայեն քուէարկութեան արդիւնքները, որոնք երկուշաբթի օր ներկայացուցած է նիստի նախագահը: Քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է ԵԽԽՎ-ի ձմեռնային նստաշրջանի նիստի ընթացքին: Քոքսի թեկնածութեան ի նպաստ քուէարկած է 164 մարդ: Անոր մրցակիցը` ԵԽԽՎ-ի մէջ ուքրանական պատուիրակութեան ղեկավար, Գերագոյն Ռատայի երեսփոխան Մարիա Մեզենցեւան...

ՕԹԱՆ-ի Անդամները Իրենց Ուժերը Կը Բերեն Պատրաստ Վիճակի Եւ Արեւելեան Եւրոպայի Մէջ Տեղակայման Նպատակով Յաւելեալ Նաւեր Ու Կործանիչներ Կ՛ուղարկեն

ՕԹԱՆ-ի Անդամները Իրենց Ուժերը Կը Բերեն Պատրաստ Վիճակի Եւ Արեւելեան Եւրոպայի Մէջ Տեղակայման Նպատակով Յաւելեալ Նաւեր Ու Կործանիչներ Կ՛ուղարկեն

ՕԹԱՆ-ի անդամները իրենց ուժերը կը բերեն պատրաստ վիճակի եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ տեղակայման նպատակով յաւելեալ նաւեր ու կործանիչներ կ՛ուղարկեն` ամրապնդելով դաշնակիցներու զսպման կարողականութիւնն ու պաշտպանութիւնը, որովհետեւ Ռուսիան կը շարունակէ իր զինուորական հզօրութիւնը աւելցնել Ուքրանիոյ մէջ եւ անոր շուրջ: Այս մասին կը նշուի ՕԹԱՆ-ի կայքին վրայ: Դանիան յածանաւ կ՛ուղարկէ Պալթեան ծով եւ կը պատրաստուի չորս «Էֆ-16» հալածիչներ տեղակայել Լիթուանիոյ մէջ: Սպանիան...

«Կառավարութիւնը Կը Ջանայ Երկու Քորէաներու Միջեւ Յարաբերութիւնները Բնականոնացնել Եւ Դէպի Խաղաղութիւն Ետդարձ Չունեցող Ուղիով Ընթանալ»  Կ՛ըսէ Հարաւային Քորէայի Նախագահը

«Կառավարութիւնը Կը Ջանայ Երկու Քորէաներու Միջեւ Յարաբերութիւնները Բնականոնացնել Եւ Դէպի Խաղաղութիւն Ետդարձ Չունեցող Ուղիով Ընթանալ» Կ՛ըսէ Հարաւային Քորէայի Նախագահը

Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Չիէ Ին խոստացաւ իր նստաշրջանի աւարտին մնացած վերջին ամիսները օգտագործել` Հիւսիսային Քորէայի հետ խաղաղութեան համար վերջին ջանք թափելու համար: Հարաւային Քորէայի նախագահը նշեց, որ իր կառավարութիւնը կը ջանայ երկու քորէաներուն միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնել եւ դէպի խաղաղութիւն ետդարձ չունեցող ուղիին մինչեւ վերջը ընթանալ` յուսալով, որ յաջորդ վարչակազմը եւս կը շարունակէ երկխօսութեան ջանքերը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ,...

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի.  Սէուտական Արաբիոյ Եւ Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարարները Մասնակցած Են Պլինքընի Հիւրընկալութեամբ «Օմիքրոն»-ի Շուրջ Առցանց Հանդիպումի Մը

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի. Սէուտական Արաբիոյ Եւ Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարարները Մասնակցած Են Պլինքընի Հիւրընկալութեամբ «Օմիքրոն»-ի Շուրջ Առցանց Հանդիպումի Մը

«Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն վերջերս հիւրընկալած է «Քորոնա» ժահրի «Օմիքրոն» տարբերակին շուրջ շարք մը երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ առցանց ժողով մը: «Սի.Էն.Էն.» կը գրէ, որ ժողովի մասնակիցներուն շարքին եղած են Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարները, ինչ որ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունեցող այդ երկու երկիրներուն միատեղ ժողովի մը մասնակցութեան հազուադէպ պարագայ մըն է:...

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Այսօր Կ՛այցելէ Իրան

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Այսօր Կ՛այցելէ Իրան

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով այսօր պիտի այցելէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ յայտնած է Իրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Ալի Ալիզատէ: «Մենք կ՛ակնկալենք Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի վաղը Իրան պաշտօնական այցելութիւնը: Ասիկա լաւ սկիզբ է 2022 թուականին համար», երէկ գրած է դեսպանը:

6 Մայիսին Լաւրով-Փոմփէօ  Հաւանական Հանդիպում

Ուաշինկթըն Իր Քաղաքացիներուն Խորհուրդ Կու Տայ Եւ Դիւանագէտներու Ընտանիքներուն Կը Հրամայէ Լքել Ուքրանիան

23 յունուարին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաւանութիւն տուած է Քիեւի մէջ Միացեալ Նահանգներու պետական ծառայողներուն դեսպանատունէն կամաւոր հեռանալու մասին որոշումին եւ ամերիկացի պետական ծառայողներու ընտանիքներուն հրամայած է լքել դեսպանատունը`  Ռուսիոյ կողմէ զինուորական գործողութեան շարունակուող սպառնալիքին պատճառով: «Միացեալ Նահանգներու Ուքրանիա գտնուող քաղաքացիները պէտք է մտածեն մեկնելու մասին` օգտագործելով առեւտրական կամ սեփական փոխադրամիջոցներու այլ տարբերակներ: «Տեղեկութիւններ կան, որ Ռուսիան զգալի զինուորական...

Ուքրանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Պաշտպանական Կարողութեան Ամրապնդման Համար Աւելի Քան 80 Թոն Ամերիկեան Զէնք Ստացած Է

Ուքրանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Պաշտպանական Կարողութեան Ամրապնդման Համար Աւելի Քան 80 Թոն Ամերիկեան Զէնք Ստացած Է

Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալեքսի Ռեզինքով յայտնեց, որ իր երկիրը 200 միլիոն տոլարի արժէքով պաշտպանական օժանդակութիւններու ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներէն զէնքերու երկրորդ քանակ մը ստացած է: Ուաշինկթըն յայտարարեց, որ պիտի շարունակէ Ուքրանիոյ աջակցութիւն տրամադրել` մեկնելով արեւմտեան երկիրներու մօտ ուքրանական սահմաններուն վրայ հարիւր հազարաւոր ռուս զինուորներու կուտակումին նկատմամբ մտավախութիւններէն: Ռուսիա կը հերքէ, թէ մտադիր է իր դրացի երկիր ներխուժել: Ռեզնիքով ընկերային ցանցերու...

Ռուսիոյ Եւ Սուրիոյ Պատերազմական Օդանաւերը Առաջին Միացեալ Պարեկութիւնը Կատարած Են

Ռուսիոյ Եւ Սուրիոյ Պատերազմական Օդանաւերը Առաջին Միացեալ Պարեկութիւնը Կատարած Են

Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ պատերազմական օդանաւերը Սուրիոյ տարածքին վրայ առաջին միացեալ պարեկութիւնը կատարած են: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ այս մասին հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան լրագրողը: Ռուսիոյ օդուժը ներկայացուած է «Սու-34» եւ «Սու-35» հալածիչներով, ինչպէս նաեւ «Ա-50» հեռահաղորդակցութեան յայտնաբերման օդանաւերով: Սուրիական կողմէն մասնակցած են «Միկ 23»-ը եւ «Միկ-29»-ը: Ռուսերը թռիչքը կատարած են Հմէյմիմի ռազմակայանէն, սուրիացիները` Դամասկոսի մօտ գտնուող Սէյքալ եւ...

«Փութին Ամէն Բան Կ՛ընէ Պատերազմը Դադրեցնելու  Եւ Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծումը  Խաղաղ Հուն Տեղափոխելու Համար»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Քիեւ Հսկայական Ուժեր Կը Կեդրոնացնէ Շփման Գիծին Վրայ, Ինչ Որ Կը Վկայէ Յարձակողական Գործողութիւններու Նախապատրաստութեան Մասին» Կ՛ըսէ Փեսքով

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ քայլերուն` պատշաճ մակարդակով ապահովելու համար Ռուսիոյ եւ անոր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնն ու շահերը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: «Մեր պետութեան ղեկավարը` իբրեւ գերագոյն ընդհանուր հրամանատար եւ իբրեւ մեր երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը որոշող անձ, կը ձեռնարկէ անհրաժեշտ քայլերուն` ապահովելու մեր անվտանգութիւնը եւ մեր շահերը»,...

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին.  Պայտըն Պալթեան Եւ Արեւելեան Եւրոպական Երկիրներուն Մէջ 1000-5000 Զինուոր, Օդուժ Ու Նաւատորմիղ Տեղակայելու Կարելիութիւնը Կը Սերտէ

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին. Պայտըն Պալթեան Եւ Արեւելեան Եւրոպական Երկիրներուն Մէջ 1000-5000 Զինուոր, Օդուժ Ու Նաւատորմիղ Տեղակայելու Կարելիութիւնը Կը Սերտէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Պալթեան եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ զօրքեր, օդուժ եւ նաւատորմիղ տեղակայելու կարելիութիւնը կը սերտէ: Այս մասին աղբիւրներ յայտնած են «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին: Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարները շաբաթ օր նախագահին ներկայացուցած են հաւանական տարբերակները: Կը սպասուի, որ Սպիտակ տան ղեկավարը այդ առնչութեամբ իր որոշումը տայ այս շաբաթ: Զինուորներուն...

«Սէուտական Արաբիոյ Հետ Ժողով Գումարելու Մասին  Տեղեկութիւնները Ճշգրիտ Չեն»  Կ՛ըսէ Իրան

Իրանցի Դիւանագէտներ Ժետտայի Մէջ Մասնակցած Են Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Ժողովին

Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութենէն պաշտօնատարներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ իրանցի դիւանագէտներ երէկ սկսած են 2016-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով ժողովներուն մասնակցիլ սոյն կազմակերպութեան, որուն կեդրոնատեղին Սէուտական Արաբիոյ Ժետտա քաղաքին մէջ է: Պաշտօնատար մը յայտնած է, որ դիւանագէտները մասնակցած են 57 անդամներ ունեցող կազմակերպութեան 22 մարտին Իսլամապատի մէջ նախատեսուած ժողովի նախապատրաստութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ժողովին: «Ասիկա առաջին ժողովն է, որուն...

Գերմանիոյ Ծովուժի Հրամանատարը Խրիմի Եւ Փութինի Մասին Խօսքերէն Ետք Հրաժարած Է

Գերմանիոյ Ծովուժի Հրամանատարը Խրիմի Եւ Փութինի Մասին Խօսքերէն Ետք Հրաժարած Է

Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Քրիսթինա Լամպրեխթ ընդունած է հրաժարականը Գերմանիոյ ծովուժի հրամանատար, փոխծովակալ Քայ Ախիմ Շոնպախի, որ յայտարարած էր, թէ Խրիմը երբեք պիտի չվերադառնայ Ուքրանիոյ կազմ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Ես տակաւին նոր խնդրեցի պաշտպանութեան դաշնակցային քարտուղարէն անյապաղ զիս ազատել նաւատորմիղի հրամանատարի պարտականութիւններէն», կը նշուի անոր յայտարարութեան մէջ: Փոխծովակալը իր այս քայլը անհրաժեշտ նկատած է գերմանական ծովուժին,...

Էրտողան Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Կը Նկատէ Պատմութեան Մէջ Ամէնէն Խաղաղը

Էրտողան Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Կը Նկատէ Պատմութեան Մէջ Ամէնէն Խաղաղը

Ռուս-թրքական ժամանակակից յարաբերութիւնները կարելի է կոչել պատմութեան մէջ ամէնէն խաղաղը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: «Ռուսիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները կը շարունակուին բաւական լաւ զարգանալ: Մենք ունինք խաղաղ յարաբերութիւններ, որոնք պատմութեան մէջ չեն եղած», ըսած է թրքական պետութեան ղեկավարը: Էրտողան չէ բացառած նաեւ մօտիկ ապագային Մոսկուա այցելութիւնը կամ հերթական հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը...

Էրտողան Կ՛ուզէ Թուրքիոյ Մէջ «3+3» Ձեւաչափով Հանդիպում Կատարել

Էրտողան Կ՛ուզէ Թուրքիոյ Մէջ «3+3» Ձեւաչափով Հանդիպում Կատարել

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Անգարան մտադիր է «3+3» հարթակի ծիրին մէջ յաջորդ շրջանային հանդիպումը կատարել Թուրքիոյ մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակին: Յիշեցնենք, որ դեկտեմբերի սկիզբը Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած էր «3+3» շրջանային խորհրդատուական հարթակի առաջին հանդիպումը` Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի, Հայաստանի, Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարներու եւ Իրանի արտաքին գործոց...

Բրիտանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Յայտնած Է Այն Մարդուն Անունը, Որուն «Մոսկուան Կ՛ուզէ Ուքրանիոյ Մէջ Իշխանութեան Բերել».  Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Արձագանգած Է

Բրիտանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Յայտնած Է Այն Մարդուն Անունը, Որուն «Մոսկուան Կ՛ուզէ Ուքրանիոյ Մէջ Իշխանութեան Բերել». Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Արձագանգած Է

Բրիտանիան` հիմնուելով իր հետախուզական տուեալներուն վրայ, Մոսկուան մեղադրած է Ուքրանիոյ մէջ ռուսամէտ քաղաքական գործիչները իշխանութեան բերելու փորձի համար: Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ուքրանիոյ ղեկավարի պաշտօնին Քրեմլինի թեկնածու կոչած է Գերագոյն Ռատայի նախկին երեսփոխան Եւկենի Մուրայեւը: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տէյլի Մէյլ»-ը: Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լիզ Թրաս յայտարարութեան մէջ ըսած է. «Այսօր հրապարակուած տեղեկատուութիւնը լոյս կը սփռէ ծաւալին վրայ...

«Անվտանգութեան Վերաբերեալ Մեր Առաջարկներուն  Պատշաճ Պատասխանի Մը Կը Սպասենք»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

«Ուաշինկթըն Կը Շարունակէ Ուքրանիոյ Մէջ Իրադարձութեան Շուրջ Առարկայական Իրողութիւնները Հերքել» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով յայտնեց, որ ամերիկացիներուն քանի մը ժամուան մէջ երեք փաստաթուղթեր հրապարակելը ռուսական իշխանութիւնները «բացայայտելու» փորձ մըն է: «Ուաշինկթըն կը շարունակէ հարցերը մեծցնել եւ օճառի փուչիկ փչել, ինչպէս նաեւ կը շարունակէ Ուքրանիոյ մէջ իրադարձութեան շուրջ առարկայական իրողութիւնները հերքել», նշած է Անթոնով: Ռուսիոյ դեսպանը յայտնեց, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին նախօրեակին Միացեալ Նահանգներու կողմէ...

Իրան Ռուսիոյ Կ՛առաջարկէ Իր Եւ Ազրպէյճանի Տարածքով Կազի Մատակարարման Փոխանակում Կատարել

Իրան Ռուսիոյ Կ՛առաջարկէ Իր Եւ Ազրպէյճանի Տարածքով Կազի Մատակարարման Փոխանակում Կատարել

Իրան Ռուսիոյ առաջարկած է կազի մատակարարումներու փոխանակում կատարել իր տարածքով: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իսլամական Հանրապետութեան քարիւղի նախարար Ժաւատ Օվճի: «Ռուսիա կատարած ընթացիկ այցելութեան ժամանակ քննարկուած են Իրանի տարածքով ռուսական կազմի փոխանակումները», ըսած է իրանցի նախարարը: Օվճի ընդգծած է, որ Իրան վերջին ամիսներուն իր տարածքով կազ կը մատակարարէ Թուրքմենիստանէն Ազրպէյճան: «Նման ձեւով մենք...

Ըստ «Սքայ Նիուզ»-ի.  Բրիտանիան Ուքրանիա Ուղարկած Է Մասնայատուկ Զինուորական Ստորաբաժանումի Անդամներ

Ըստ «Սքայ Նիուզ»-ի. Բրիտանիան Ուքրանիա Ուղարկած Է Մասնայատուկ Զինուորական Ստորաբաժանումի Անդամներ

Բրիտանիան Ուքրանիա ուղարկած է նորաստեղծ յատուկ գործողութիւններու բանակային ջոկատէն 30 զինուոր: Այս մասին կը հաղորդէ «Սքայ Նիուզ»-ը: Մասնայատուկ ուժերու անդամ շուրջ 30 բրիտանացի զինուորներէ բաղկացած խումբը հասած է Ուքրանիա` ուքրանական զինեալ ուժերուն Բրիտանիոյ կողմէ նուիրուած նոր հակահրասայլային զէնքերը օգտագործել ուսուցանելու համար: Բրիտանական լրատուամիջոցը կը նշէ, որ զինուորները կը պատկանին ռէյնճըրական գունդին: Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ կը նշուի, որ...

«Սուրիոյ Պատերազմին Հըզպալլայի Մասնակցութիւնը Լիբանանի Եւ Շրջանի Կայունութիւնը Վտանգի Կ՛ենթարկէ»  Զգուշացուց Կութիերես

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Կոչ Կ՛ուղղէ` Յաջորդ Համաճարակին Պատրաստուելու

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես Համաշխարհային տնտեսական խորհրդաժողովի ժամանակ կոչ ուղղած է պատրաստուելու յաջորդ համաճարակին: «Մենք պէտք է յաջորդ համաճարակին պատրաստուինք` ներդրում կատարելով իւրաքանչիւր երկրի մէջ հսկողութեան, աւելի կանուխ յայտնաբերման եւ արագ արձագանգման հարցով ծրագիրներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ամրապնդելով Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հեղինակութիւնը», «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի համաձայն, տեսաուղերձի մէջ ըսած է Կութիերես: Ան նաեւ կոչ ուղղած է` արդար եւ հաւասար պայմաններու...

Page 287 of 882 1 … 286 287 288 … 882

Արխիւներ