Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, անդրադառնալով Արաբական ծոցի երկիրներուն հետ իր յարաբերութիւններուն, յայտարարեց. «Վերջին շրջանին, Ծոցի երկիրներուն հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ լաւ ընթացք ունեցանք, մասնաւորաբար Քաթարի եւ շրջանային կարգ մը այլ երկիրներուն միջեւ անիմաստ տագնապի աւարտէն ետք, ինչ որ շրջանին մէջ գործակցութեան նոր ոգի ստեղծեց»:
«Այս նոր միջավայրին մէջ, իմ կարծիքովս` Ծոցի շրջանին նկատմամբ մեր բարի կամեցողութիւնը սկսաւ աւելի լաւ հասկցուիլ: Կը կարծեմ, որ շրջանային գործակցութեան նոր փուլի մը եզրին ենք», նշեց Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահը շեշտեց, որ 14 փետրուարը` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ իր այցելութեան թուականը կարեւոր է: «Այս այցելութիւնը Թուրքիան Ծոցի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու նոր փուլ պիտի մտցնէ»:
Էրտողան նաեւ հերքեց այն պնդումները, թէ պարտքերու կուտակումին պատճառով Իրան դէպի Թուրքիա բնական կազի մղումը դադրեցուցած է: Ան ըսաւ, որ Անգարայի մօտ Թեհրանի ուշացած վճարումներ գոյութիւն չունին:



