Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ արծարծուած է երկրի` ՕԹԱՆ-էն դուրս գալու հարցը: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ նման առաջարկով Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիանին դիմած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխան Միշել Լարիվը:
Անոր համաձայն, ՕԹԱՆ-ը պէտք էր Պաղ պատերազմի աւարտէն ետք լուծարուէր: Փոխարէնը, դաշինքը շարունակած է վերջին երեսուն տարիներուն ընդլայնիլ:
«Ֆրանսան բնաւ շահագրգռուած չէ միանալու Չինաստանի եւ Ռուսիոյ դէմ ուղղուած ռազմատենչ պլոքին», նշած է Լարիվ: