Իրանի նախագահի կայքը հաղորդեց, որ նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին ընդունած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը: Հանդիպումի ընթացքին Իրանի նախագահը նշած է, որ Իրանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնը Ազրպէյճանի հետ համագործակցութեան զարգացումն է, յատկապէս Կովկասի մէջ:
Ան ըսած է, որ հաւատադրժողական եւ ՏԱՀԵՇ-ի ուժերու որեւէ վայրի մէջ ներկայութիւնը ձեռնտու չէ շրջանի ժողովուրդներուն:
«Միացեալ Նահանգներուն եւ սիոնական վարչակարգին կողմէ ստեղծուած այս խումբերը ամէնուր յանցաւոր գործողութիւններ կատարած են: Սիոնական վարչակարգը մարդկութեան թշնամին է եւ, ամէն պարագայի, չի կրնար իսլամ ժողովուրդներու բարեկամը ըլլալ», ըսած է Ռայիսի:
Ան յոյս յայտնած է, որ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն ներկայութեամբ եւ գիտակցուած դերակատարութեամբ հաւատադրժողականները եւ իսլամներու հետ համաձայնութեան չդիմողները պիտի չկարենան շրջանին մէջ հաստատուիլ: