Իսրայէլի նախագահ Եիցհաք Հերցոկ յայտարարեց, որ այս ամսուան վերջաւորութեան Ապու Տապիի գահաժառանգ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետի պաշտօնական հրաւէրով պիտի այցելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
Հերցոկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Յառաջիկայ շաբաթ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Իսրայէլի նախագահ մը պիտի այցելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պետական «Քան» պատկերասփիւռի կայանը:
«Այս կարեւոր այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ այն պահուն, երբ Իսրայէլի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ժողովուրդները լուրջ աշխատանք կը տանին հասարակաց նոր ապագայի հիմերը դնելու», աւելցուց ան:
Նշենք, որ 13 դեկտեմբերին Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթ պատմական այցելութիւն մը տուած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր հանդիպում ունեցած էր Ապու Տապիի գահաժառանգին հետ:
Երկու երկիրները սեպտեմբեր 2020-ին Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի հովանաւորութեամբ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնագիր կնքած էին:



