 Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այս շաբաթ հանդիպում պիտի ունենայ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են «Ռոսիա 1» պատկերասփիւռի կայանի «Մոսկուա. Քրեմլին. Փութին» հաղորդման ժամանակ:

«Այս շաբաթ պիտի շարունակուին նաեւ օտարերկրեայ ղեկավարներու կարեւոր այցելութիւնները: Ազրպէյճանի նախագահ, պաշտօնական այցելութիւն Ռուսիա: Քրեմլինի մէջ կը սպասեն նաեւ Փաքիստանի վարչապետին», տեղեկացուցած են հաղորդման ժամանակ:
Յիշեցնենք, որ Փութին-Ալիեւ նախորդ հանդիպումը տեղի ունեցած էր 26 նոյեմբեր 2021-ին` Սոչիի մէջ: