Թուրքիոյ վեց ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարներ հանդիպում ունեցած են` 2023 թուականի ընտրութիւններուն ընթացքին Թուրքիոյ գործող նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հաւանական տապալման պարագային պետութեան կառավարման ռազմավարութիւն մշակելու համար:
Ընդդիմութեան ղեկավարները Անգարայի մէջ հինգ ժամ տեւած աշխատանքային ճաշէն ետք հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ընդգծած են, որ Թուրքիան կ՛ապրի «իր պատմութեան մէջ խորագոյն քաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամը», եւ ատոր պատճառը 2017 թուականի հանրաքուէէն ետք երկրին մէջ որդեգրուած նախագահական համակարգն է:
Ըստ ընդդիմադիրներուն, իրենց հասարակաց նպատակը Թուրքիոյ մէջ «ուժեղացուած խորհրդարանական համակարգը» վերականգնելն է: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ փոխըմբռնման յուշագիրը, որով կառավարման նոր ձեւի վերաբերեալ համաձայնութիւններ ձեռք բերուած են, պիտի հրապարակուի 28 փետրուարին:
Աշխատանքային հանդիպումի ընթացքին հաւաքուած են ընդդիմադիր դաշինքներու հետեւեալ ղեկավարները` Քեմալ Քըլըճտարօղլուն` քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն, Մերալ Աքշեները` ազգայնական «Լաւ» կուսակցութենէն, Թեմել Քարամոլլաօղլուն` պահպանողական «Երջանկութիւն» կուսակցութենէն, Ահմեթ Տաւութօղլուն` «Ապագայ» կուսակցութենէն, Կիւլթեքին Ույսալը` Դեմոկրատական կուսակցութենէն, եւ Ալի Պապաճանը` Ժողովրդավարութեան եւ յառաջընթացի կուսակցութենէն: Երկխօսութիւնը «պատմական» որակուած է:
«Իբրեւ ուժեղացուած խորհրդարանական համակարգ ձեռք բերելու վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիրի կողմեր` մենք վճռական ենք կառուցելու ուժեղ, ազատական, ժողովրդավարական եւ արդար բնորդ, որ պիտի ստեղծէ արդիւնաւէտ օրէնսդրական համակարգ` լայն ներկայացուածութեամբ, թափանցիկ եւ հաշուետու ղեկավարումով, անաչառ եւ անկախ դատական համակարգով եւ իշխանութիւններու տարանջատումով», կը նշուի միացեալ յայտարարութեան մէջ:


