Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էլիզէի Պալատ. «Պայտըն Եւ Փութին Մաքրոնի Առաջարկին Հիմամբ Համաձայնեցան Եւրոպայի Մէջ Անվտանգութեան Ու Ռազմավարական Կայունութեան Շուրջ Վեհաժողով Գումարելու Սկզբունքին»

February 22, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Էլիզէի պալատը յայտարարեց. «Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն խօսեցաւ իր ամերիկացի ու ռուս պաշտօնակիցներ Ճօ Պայտընի եւ Վլատիմիր Փութինի հետ, եւ առաջարկեց Պայտընի եւ Փութինի միջեւ, ապա առնչակից բոլոր կողմերուն միջեւ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ ռազմավարական կայունութեան շուրջ վեհաժողով մը գումարել»:

«Պայտըն եւ Փութին համաձայն գտնուեցան այս վեհաժողովի սկզբունքին», նշեց Էլիզէի պալատը` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով անոր ընթացքին քննարկուելիք նիւթերը պիտի պատրաստեն հինգշաբթի, 24 փետրուարի իրենց ժողովին ընթացքին»:

«Վեհաժողով կարելի է գումարել միայն, եթէ Ռուսիան Ուքրանիա չներխուժէ, եւ հանրապետութեան նախագահը պիտի ջանայ բոլոր առնչակիցներուն հետ պատրաստել այդ քննարկումներուն բովանդակութիւնը», յայտնեց Ֆրանսայի նախագահական պալատը:

Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի իր կարգին յայտնեց. «Ինչպէս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն շարունակ յայտնեց, մենք յանձնառու ենք դիւանագիտութիւնը շարունակելու մինչեւ ներխուժման սկիզբի պահը»:

«Որոշուած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այս շաբթուան մէջ աւելի ուշ հանդիպում ունենան Եւրոպայի մէջ, պայմանով, որ Ռուսիան զինուորական գործողութեան չձեռնարկէ», ըսաւ Փսաքի:

Սպիտակ տան բանբերը նաեւ նշեց. «Պայտըն սկզբունքային համաձայնութիւն տուաւ այս կապէն ետք Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպելու, եթէ ներխուժում տեղի չունենայ»:

«Մենք միշտ պատրաստ ենք դիւանագիտութեան: Ինչպէս նաեւ պատրաստ ենք արագ ու ծանր պատժամիջոցներ հաստատելու, եթէ Ռուսիան ատոր փոխարէն պատերազմը ընտրէ: Ներկայիս կը թուի, թէ Ռուսիան կը շարունակէ մօտ օրէն Ուքրանիոյ վրայ լայնածաւալ յարձակումի պատրաստութիւնները», շեշտեց Փսաքի:

Սպիտակ տունը նաեւ հակիրճ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Պայտըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Մաքրոնի հետ, եւ անոնք քննարկած են ներկայ դիւանագիտական ու զսպման ջանքերը` ի պատասխան Ուքրանիոյ սահմանին վրայ ռուսական զինուորական կուտակման:

Քրեմլին մէկ օր առաջ նշած էր, որ Փութին եւ Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութիւնը, եւ Ռուսիոյ նախագահը իր ֆրանսացի պաշտօնակիցին յայտնած է. «Ուքրանական ապահովական ուժերու սադրանքներն են Տոնպասի մէջ մագլցումի պատճառները»:

Փութին Մաքրոնին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու ՕԹԱՆ-ը պէտք է յստակ պատասխան մը տան Ռուսիոյ անվտանգութեան պահանջներուն:

Էլիզէի պալատը երէկ աւելի ուշ նշեց, որ Ուքրանիոյ շուրջ Պայտըն-Փութին վեհաժողովը «կարելի է», սակայն Փութին զայն գումարելու «իր որոշումը պէտք է տայ»:

Քրեմլին նախքան այդ նշած էր, որ Պայտըն-Փութին վեհաժողովի կազմակերպման համար տակաւին կանուխ է:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ դէմ դրած է Ռոսթովի շրջանի ռուսական սահմանը ոտնահարել փորձող ուքրանական խափանարարական խմբակի մը եւ 5 զինեալներ սպաննած: «Սփութնիք» նաեւ հաղորդեց, որ ռուսական բանակը քանդած է ուքրանական բանակի 2 զրահապատ մեքենաներ, որոնք հարաւային շրջանին մէջ Ռուսիոյ սահմանէն ներս մուտք գործած են:

 

 

Նախորդը

Փութին Եւ Ալիեւ Այսօր Դաշնակցային Համագործակցութեան Հռչակագիր Պիտի Ստորագրեն

Յաջորդը

Փութին Պաշտօնապէս Ճանչցաւ Տոնեցքի Եւ Լուկանսքի Հանրապետութիւններուն Անկախութիւնը

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.