Իրանեան բանակին պատկանող պատերազմական օդանաւ մը ջախջախուեցաւ Իրանի Արեւելեան Ազրպէյճան նահանգի արեւմուտքը գտնուող Թաւրիզ քաղաքին մէջ: Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ պատճառով օդանաւին օդաչուն, անոր օգնականն ու քաղաքացի մը մահացած են:
Պատերազմական օդանաւը ջախջախուած է «Շահիտ Ալիպուր» մարզասրահին վրայ: «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ մարզասրահը կը գտնուի քաղաքի Մանժամ զբօսայգիին մէջ:
Ջախջախման պատճառով յառաջացած է հրդեհ մը, որուն դէմ պայքարած են հրշէջները:
Դէպքին պատճառին շուրջ հետաքննութիւն տեղի կ՛ունենայ:


