Միջազգային

«Ռուսիան Եւ Պիելոռուսիան 20 Փետրուարին  Պիտի Աւարտեն Միացեալ Ռազմափորձերը»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Ռուսիան Եւ Պիելոռուսիան 20 Փետրուարին Պիտի Աւարտեն Միացեալ Ռազմափորձերը» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիան ու Պիելոռուսիան 20 փետրուարին պիտի աւարտեն միացեալ ռազմափորձերը, ինչպէս նախատեսուած էր: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Ան մեկնաբանած է Արեւմուտքի մտավախութիւնները, որ ռուսական զօրքերը կրնան աւելի երկար մնալ Պիելոռուսիոյ մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» իր կարգին, յղում կատարելով Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքովին, կը հաղորդէ, որ Պիելոռուսիոյ մէջ օրակարգի վրայ ռուսական...

Քրեմլին. «Տոնպասի Մէջ Կացութիւնը  Շատ Մտահոգիչ Է Եւ Կրնայ  Շատ Վտանգաւոր Ըլլալ»

Քրեմլին. «Տոնպասի Մէջ Կացութիւնը Շատ Մտահոգիչ Է Եւ Կրնայ Շատ Վտանգաւոր Ըլլալ»

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտարարեց, որ Տոնպասի շրջանին մէջ կացութիւնը շատ մտահոգիչ է: Ան ըսաւ, որ Տոնպասէն հաղորդուող լուրերը «իրապէս մտահոգիչ են եւ կրնան շատ վտանգաւոր ըլլալ»: Լուկանսքի մէջ ժողովրդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները երէկ հաղորդեցին, որ ուքրանական զինեալ ուժերը կրակ բացած են հանրապետութեան մէջ գտնուող երկու գիւղերու ուղղութեամբ: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Արեւելեան Ուքրանիոյ ճակատին վրայ ռմբակոծում տեղի կ՛ունենայ:...

«Պլինքըն-Լաւրով Հանդիպումը Կրնայ Յառաջիկայ  Շաբթուան Վերջաւորութեան Տեղի Ունենալ,  Պայմանով Որ Ռուսիան Ուքրանիոյ Վրայ Յարձակում Չգործէ»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

«Պլինքըն-Լաւրով Հանդիպումը Կրնայ Յառաջիկայ Շաբթուան Վերջաւորութեան Տեղի Ունենալ, Պայմանով Որ Ռուսիան Ուքրանիոյ Վրայ Յարձակում Չգործէ» Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ նշած է, որ առաջարկած է յառաջիկայ շաբաթ Եւրոպայի մէջ հանդիպում ունենալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, «որովհետեւ այս տագնապը լուծելու միակ ձեւը դիւանագիտութիւնն ու երկխօսութիւնը կը նկատենք»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր...

«Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի Ուժեղ Անդամ  Պիտի Մնայ, Եւ Ուքրանիա Ռուսական  Որեւէ Ներխուժում Կը Մերժենք»  Կ՛ըսէ Քալըն

«Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի Ուժեղ Անդամ Պիտի Մնայ, Եւ Ուքրանիա Ռուսական Որեւէ Ներխուժում Կը Մերժենք» Կ՛ըսէ Քալըն

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնեց. «Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի ուժեղ, ամուր ու անփոխարինելի դաշնակից պիտի մնայ»: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Ան թրքական ՍԵԹԱ կեդրոնի Թուրքիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան 70-ամեակին առիթով Պրիւքսելի մէջ կազմակերպած առցանց դասախօսութեան ընթացքին յայտնած է. «Թուրքիան 70 տարիէ ի վեր ՕԹԱՆ-ի մէջ ղեկավար ու յանձնառու անդամներէն մէկը կը նկատուի եւ դաշինքի ծիրին մէջ մասնակցած է աշխարհի տարբեր...

Փենթակոնի Ղեկավարը Պաշտօնակիցներու Հետ  Քննարկած Է Ռուսիոյ Հետ Գործակցութեան Խնդիրը

Փենթակոնի Ղեկավարը Պաշտօնակիցներու Հետ Քննարկած Է Ռուսիոյ Հետ Գործակցութեան Խնդիրը

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին եւ անոր Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ պաշտօնակիցները Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին քննարկած են Ռուսիոյ հետ դիւանագիտական գործակցութիւնը եւ լարուածութեան նուազեցման անհրաժեշտութիւնը Ուքրանիոյ շուրջ կացութեան մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորէ, որ այս մասին նշուած է Փենթակոնի մամլոյ քարտուղար Ճոն Քըրպիի տարածած յայտարարութեան մէջ: Հանդիպումին, բացի Օսթինէն, մասնակցած են Ֆրանսայի զինեալ ուժերու նախարար...

Դամասկոսի Հարաւային Գիւղական  Շրջանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Դամասկոսի Հարաւային Գիւղական Շրջանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուժերը Դամասկոսի հարաւը գտնուող Զաքիա գիւղի մերձակայքին վրայ քանի մը հրթիռներ արձակած են: Նախարարութենէն զինուորական աղբիւր մը հաղորդեց, որ չորեքշաբթի գիշեր ժամը շուրջ 11:35-ին իսրայէլեան բանակը բռնագրաւեալ Կոլանի շրջանէն քանի մը ցամաքէ-ցամաք հրթիռներ արձակած է` թիրախ դարձնելով Դամասկոսի հարաւը գտնուող Զաքիա գիւղի մերձակայքը: Աղբիւրը աւելցուց, որ յարձակումին պատճառով նիւթական վնասներ արձանագրուած են: Յիշեցնենք, որ...

Տոնպասի Շփման Գիծին Մէջ Ուքրանական  Եւ Ռուսամէտ Ուժերու  Միջեւ Սուր Լարուածութիւն

Տոնպասի Շփման Գիծին Մէջ Ուքրանական Եւ Ռուսամէտ Ուժերու Միջեւ Սուր Լարուածութիւն

Ուքրանական զինեալ ուժերը երէկ առաւօտեան Լուկանսքի ժողովրդային հանրապետութեան հողերուն ուղղութեամբ 4 անգամ կրակ բացած են` օգտագործելով Մինսքի համաձայնութեան հիմամբ արգիլուած հրասանդներ, ապա այլ շրջանի ուղղութեամբ կրակ բացած: Այս մասին հաղորդեց Զինադադարի հսկողութեան միացեալ կեդրոնին մէջ Լուկանսքի ներկայացուցչական գրասենեակը: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Լուկանսքի մէջ ոստիկանութիւնը ուքրանական ուժերուն հետ շփման գիծին մէջ սուր լարուածութեան մասին կը խօսի` յայտարարելով,...

Ռուսիան Կասպից Ծովուն Մէջ  Ռազմափորձեր Կը Կատարէ

Ռուսիան Կասպից Ծովուն Մէջ Ռազմափորձեր Կը Կատարէ

Ռուսիոյ կասպեան նաւատորմիղի 20 մարտանաւեր Կասպից ծովուն մէջ ռազմափորձերու սկսած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»-ը` յղում կատարելով Ռուսիոյ զինեալ ուժերու Հարաւային զինուորական շրջանի մամլոյ ծառայութեան: Ռազմափորձերուն կը մասնակցին «Տաղստան» հրթիռային նաւը, փոքր հրթիռային «Կրատ Սվիաժսք», «Ուկլիչ», «Վելիքի Ուսթիուկ», «Մախաչքալա», «Ասթրախան», «Սթուփինեց», փոքր հրետանային նաւեր, մոթորանաւակներ եւ այլն: Հարաւային զինուորական շրջանի մամլոյ ծառայութիւնը նշած է, որ շուտով նաւատորմիղի ռազմածովային մարտավարական...

Սթոլթենպերկ Ալիեւի Հետ Քննարկած Է  Ազրպէյճանէն Եւրոպա Կազի  Մատակարարումներու Հարցը

Սթոլթենպերկ Ալիեւի Հետ Քննարկած Է Ազրպէյճանէն Եւրոպա Կազի Մատակարարումներու Հարցը

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտնած է, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ քննարկած է Ազրպէյճանէն Եւրոպա կազի մատակարարումներու հարցն ու Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութիւնը: «Լաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն` նախագահ Ալիեւի հետ: Մենք քննարկեցինք շրջանային անվտանգութիւնը եւ Ուքրանիոյ մէջ եւ անոր մերձակայքը Ռուսիոյ ռազմական ներուժի աճը, ներառեալ ուժանիւթի շուկային վրայ ազդեցութիւնը: Ես Ազրպէյճանին շնորհակալութիւն յայտնեցի կազի մատակարարումները աւելցնելուն եւ Եւրոպային ուժանիւթի...

Ռուսիա Ռազմափորձերու Աւարտն Ու Անոնց  Մասնակից Ուժերուն Խրիմէն  Հեռացումը Յայտարարեց

Ռուսիա Ռազմափորձերու Աւարտն Ու Անոնց Մասնակից Ուժերուն Խրիմէն Հեռացումը Յայտարարեց

Ռուսիան երէկ ռազմափորձերու աւարտն ու անոնց մասնակից ուժերուն Խրիմի թերակղզիէն հեռացումը յայտարարեց: 2014 թուականին Ռուսիոյ կցուած թերակղզիին մէջ ռուսական ուժերու կուտակումը Ուքրանիա հաւանական ներխուժման վերաբերեալ մտավախութիւններ յառաջացուցած էր: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ հարաւային զինուորական շրջանի ստորաբաժանումները աւարտած են Խրիմի թերակղզիի ռազմակայաններուն մէջ իրենց «մարտավարական փորձերը, եւ երկաթուղիի ճամբով կը վերադառնան իրենց սեփական զօրանոցները»: Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի նախագահի խորհրդական Միխայիլ...

Ըստ «Հիւրրիեթ»-ի.  Թուրքիան Աշխատանք Կը Տանի Համասի  Մարտական Ղեկավարները  Այլուր Փոխադրելու Համար

Ըստ «Հիւրրիեթ»-ի. Թուրքիան Աշխատանք Կը Տանի Համասի Մարտական Ղեկավարները Այլուր Փոխադրելու Համար

Թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Անգարան մէկուկէս տարիէ ի վեր շրջանի շարք մը երկիրներու (ներառեալ Իսրայէլը) հետ գաղտնի բանակցութիւնները կը վարէ` «Համաս շարժումին համար բնակութեան նոր վայր գտնելու նպատակով»: Ըստ օրաթերթին, ամէնէն բուռն քննարկումները եղած են Իսրայէլի հետ, որ կ՛ուզէ, որ Համասի գործիչները վտարուին: «Հիւրրիեթ» կը նշէ, որ Անգարա Համասին յայտնած է, որ շարժումին մէջ մարտական պաշտօններու տէր անձերը պիտի...

Լաւրով Ողջունած Է Իրանի Կողմէ «3+3»-ի  Յաջորդ Հանդիպումի Հիւրընկալումը

Լաւրով Ողջունած Է Իրանի Կողմէ «3+3»-ի Յաջորդ Հանդիպումի Հիւրընկալումը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին այլ հարցերու կողքին խօսած է նաեւ «3+3» ձեւաչափի` Հարաւային Կովկասի հարցերով շրջանային խորհրդակցական հարթակի մասին: Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ողջունած է Իրանի կողմէ «3+3»-ի յաջորդ հիւրընկալումը: Այս մասին հաղորդեց «Արմէնփրես»-ը: Լաւրով յոյս յայտնած է, որ այդ ժողովը պիտի ապահովէ շրջանային երկիրներու շահերը եւ պիտի...

«Սէուտական Արաբիոյ Հետ Դրական  Երկխօսութիւնը Կը Շարունակուի»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Սէուտական Արաբիոյ Հետ Դրական Երկխօսութիւնը Կը Շարունակուի» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ սէուտական իշխանութիւններուն հետ դրական երկխօսութիւնը կը շարունակուի, եւ նշեց, որ կը փափաքի այդ հարցին մէջ յառաջիկայ փուլին շօշափելի քայլեր կատարելով յառաջդիմութիւն արձանագրել: Ան շեշտեց, որ Թուրքիան աշխատանք պիտի տանի Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու համար` միեւնոյն ժամանակ նշելով, որ Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւնները կը շարունակուին նախարարներու մակարդակով, եւ այդ առնչութեամբ կրնան տարբեր զարգացումներ արձանագրուիլ:...

Եւրոպական Խորհրդարան.  «Թուրքիան Ապակայունութեան Աղբիւր Է»

Եւրոպական Խորհրդարան. «Թուրքիան Ապակայունութեան Աղբիւր Է»

Եւրոպական խորհրդարանը «Եւրոպական Միութեան ընդհանուր անվտանգութեան եւ պաշտպանական քաղաքականութեան մասին» զեկուցումին մէջ Թուրքիան որակած է «ապակայունութեան աղբիւր»: «Արմէնփրես» կը նշէ, թէ այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ»-ն: «Եւրոպական Միութեան ընդհանուր անվտանգութեան եւ պաշտպանական քաղաքականութեան մասին» զեկուցումին մէջ, որ կազմուած է Ազատականներու խումբի անդամ, ֆրանսացի երեսփոխան Նաթալի Լուիզոյի կողմէ, կը նշէ, որ Թուրքիան յաճախ Եւրոպական Միութեան եւ անոր դրացի երկիրներուն համար...

«Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Ռուսական  Կազի Դադրեցման. Այլընտրանքներ Գտած Է»  Կ՛ըսէ Ֆոն Տեր Լեյեն

«Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Ռուսական Կազի Դադրեցման. Այլընտրանքներ Գտած Է» Կ՛ըսէ Ֆոն Տեր Լեյեն

Եւրոպական Միութիւնը ձեռնարկած է շարք մը քայլերու, որոնք կարելիութիւն պիտի տան չէզոքացնել Ռուսիոյ կողմէ կազի մատակարարումներու հաւանական դադրեցումը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ երէկ Պրիւքսելի մէջ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենը: Եւրոպացի պաշտօնատարին համաձայն, Եւրոպական Միութեան ղեկավար կառոյցները վերջին շաբաթներուն ռուսական կազի մատակարարումներու մասնակի կամ ամբողջական դադրեցման շարք մը բեմագրութիւններ քննարկած են: «Մեր...

Այսօր Երուսաղէմի Հարցով Արաբ Արտաքին  Գործոց Նախարարներու Արտակարգ Ժողով

Ըստ Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարի Խորհրդատուին. Սուրիան «Շատ Շուտով» Արաբական Լիկա Պիտի Վերադառնայ

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի զինուորական հարցերու խորհրդատու Մահմուտ Խալիֆա կը յայտնէ, որ Սուրիոյ` Արաբական լիկային մէջ իր աթոռին վերադարձը «մօտ օրէն պիտի ըլլայ»: Ըստ «Սփութնիք»-ի, Խալիֆա յայտնած է. «Գոյութիւն ունին Սուրիոյ վերադարձին վերաբերեալ առաջարկուած գաղափարներ», աւելցնելով, որ այդ վերադարձը «շատ շուտով» պիտի ըլլայ: «Արաբական լիկայի մէջ Սուրիոյ աթոռը չջնջուեցաւ, այլ սառեցուեցաւ մինչեւ Սուրիոյ մէջ եւ արաբական ծիրին մէջ որոշ պայմաններու...

Դամասկոսի Մէջ Ականահարած Են  Զինուորական  Փոխադրակառք Մը` Պատճառելով  Զոհ Մը Եւ Վիրաւորներ

Դամասկոսի Մէջ Ականահարած Են Զինուորական Փոխադրակառք Մը` Պատճառելով Զոհ Մը Եւ Վիրաւորներ

Դամասկոսի մէջ երէկ առաւօտեան ականահարած են զինուորներ տեղափոխող փոխադրակառք մը, այդ պատճառով ալ սուրիական բանակէն զինուոր մը մահացած է եւ 11 այլ զինուորներ վիրաւորուած են: Այս մասին հաղորդեց ՍԱՆԱ-ն: Ականը նախապէս տեղադրուած եղած է փոխադրակառքին մէջ:  

Ռուսիոյ Հարաւային Եւ Արեւմտեան  Զինուորական Շրջաններու Զօրքերը Կը Վերադառնան  Իրենց Մնայուն Տեղակայման Վայրեր

Ռուսիոյ Հարաւային Եւ Արեւմտեան Զինուորական Շրջաններու Զօրքերը Կը Վերադառնան Իրենց Մնայուն Տեղակայման Վայրեր

Ռուսիոյ հարաւային եւ արեւմտեան զինուորական շրջաններու զօրքերը Պիելոռուսիոյ մէջ ռազմափորձերու աւարտէն ետք կը վերադառնան իրենց մնայուն տեղակայման վայրեր: Այս մասին երէկ յայտարարեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշենքով: «Հարաւային եւ արեւմտեան զինուորական շրջաններու զօրքերը արդէն սկսած են բեռնել երկաթուղային եւ ցամաքային փոխադրամիջոցները եւ այսօր պիտի շարժին դէպի իրենց զօրանոցները», ըսաւ ան: Ան նշեց, որ Մինսքի մօտ հաւատարմագրուած զինուորական կցորդները հրաւիրուած...

Քալընի Եւ Էօնալի Մասնակցութեամբ Թրքական  Մեծ Պատուիրակութիւն Մը  Այս Շաբաթ Պիտի Այցելէ Իսրայէլ

Քալընի Եւ Էօնալի Մասնակցութեամբ Թրքական Մեծ Պատուիրակութիւն Մը Այս Շաբաթ Պիտի Այցելէ Իսրայէլ

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ թրքական մեծ պատուիրակութիւն մը, Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոքի Թուրքիա նախատեսուած այցելութեան պատրաստութեան ծիրին մէջ այս շաբաթ պիտի այցելէ Իսրայէլ: Նախարարութիւնը աւելցուց, որ պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սատաթ Էօնալ` նշելով, որ անոնք այցելութեան ընթացքին հանդիպում պիտի ունենան Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ալոն Աուշպիզի,...

Թուրքիա Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ  Պաշտպանութեան, Առեւտուրի Եւ Ճարտարարուեստի  Շուրջ Համաձայնութիւններ Կը Ստորագրեն

Թուրքիա Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Պաշտպանութեան, Առեւտուրի Եւ Ճարտարարուեստի Շուրջ Համաձայնութիւններ Կը Ստորագրեն

Էմիրաթական պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութեան ընթացքին առեւտուրի, ճարտարարուեստի, առողջապահութեան, բժշկագիտութեան, ցամաքային ու ծովային փոխադրութեան եւ կլիմայի վերաբերեալ 13 համաձայնութիւններ ստորագրուած են: Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ պաշտպանութեան ոլորտին վերաբերեալ եւս համաձայնութիւն մը ստորագրուած է: Էրտողան հանդիպում ունեցաւ Ապու Տապիի գահաժառանգ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիան իշխանին հետ, որ...

Page 281 of 882 1 … 280 281 282 … 882

Արխիւներ