Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահներ Ճօ Պայտընի եւ Վլատիմիր Փութինի հաւանական հանդիպման հեռանկար այս պահուս չկայ, որովհետեւ Ռուսիան ճանչցած է Տոնպասի երկու ինքնահռչակ պետութիւններուն անկախութիւնը:
«Մենք երբեք ամբողջութեամբ չենք փակեր դիւանագիտութեան դուռը, սակայն վստահ կրնանք ըսել, որ այս պահուն մեր օրակարգին վրայ նման հանդիպում չկայ», յայտարարեց Փսաքի:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր կարգին յայտարարեց, որ ջնջած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ այսօր նախատեսուած իր հանդիպումը` զայն նկատելով անիմաստ:
Պլինքըն յայտնեց, որ Լաւրովի հետ հանդիպումի անհրաժեշտութիւնը ջնջուած է, որովհետեւ Ռուսիան «յստակ կերպով յայտարարեց դիւանագիտութենէն հրաժարելու մասին»:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ նախապէս Լաւրովի հետ հանդիպելու համաձայնած էր միայն այն պարագային, եթէ Ռուսիան Ուքրանիա չներխուժէ: «Այժմ, երբ մենք կը տեսնենք, որ ներխուժումը կը սկսի, եւ Ռուսիան յստակօրէն յայտարարած է, որ ամբողջովին կը հրաժարի դիւանագիտութենէն, այս հանդիպումը անիմաստ է», յայտարարեց Պլինքըն` Ուաշինկթընի մէջ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպայի հետ իր հանդիպումէն ետք:


