Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին. «Ուքրանիոյ Մէջ Զինուորական Ենթակառոյցներու Քանդման Աւարտի Եզրին Կը Գտնուինք»

Այսօր Ռուս-Ուքրանական Բանակցութիւններու 3-րդ Նիստ

March 7, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շաբաթ օր նշեց. «Փորձեցինք բոլոր յանձնառութիւնները կատարել, բոլոր համաձայնութիւնները գործադրել եւ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ որեւէ մագլցում կանխարգիլել, սակայն Քիեւի իշխանութիւնները անցնող ամբողջ երեք տարիներուն ընթացքին շարունակեցին համաձայնութիւններու կատարումէն խուսափիլ, եւ Տոնպասի մէջ շուրջ 13 հազար ռուս սպաննուեցաւ»:

«Ուքրանական իշխանութիւնները հրապարակաւ կը յայտարարեն, որ չեն ուզեր Մինսքի համաձայնութիւնը գործադրել եւ Տոնպաս բնակող քաղաքայինները պաշտպանել, ինչ որ մեր գլխաւոր նպատակն է, եւ այդ առնչութեամբ պէտք է երաշխիքներ ստանալ», աւելցուց Փութին:

«Ուքրանիան պէտք է ոչ յանձնառու դիրքորոշում ունենայ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ուքրանիան կը փորձէ հիւլէական ռազմակայաններու վերատիրանալ, եւ չկրցանք անտեսել այն յայտարարութիւնները, որոնք Ուքրանիան հիւլէական ուժի վերածելու մասին կը խօսին: Իսկական սպառնալիք դիմագրաւեցինք. կ՛աշխատինք Ուքրանիան ապազինել եւ այդտեղ գոյութիւն ունեցող նացիական կողմնորոշումէն ձերբազատիլ»:

«ՕԹԱՆ Ուքրանիոյ կ՛աջակցի, որովհետեւ վերջինս Ռուսիոյ դէմ կը կանգնի», ըսաւ ան` նշելով. «Մեր դէմ հաստատուած պատժամիջոցները Ռուսիոյ դէմ պատերազմի յայտարարութեան նման է»:

«Ուքրանիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի յայտարարելը անկարելի է, եւ այլ պետութեան մը կողմէ զայն հաստատելու որեւէ փորձ զինուորական գործողութիւններու ուղղակի մասնակցութիւն պիտի նկատենք», յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահը:

«Սպայակոյտն ու պաշտպանութեան նախարարութիւնը Ուքրանիոյ մէջ զինուորական ենթակառոյցները քանդելու որոշում որդեգրեցին, եւ մենք զայն աւարտելու եզրին ենք», ըսաւ Փութին` ընդգծելով. «Կասկած չունիմ, որ ռուսական բանակը իր բոլոր նպատակները պիտի իրագործէ»:

Փութին նաեւ մատնանշեց. «Նշմարեցինք Միջին Արեւելքէն զինեալներ եւ ծայրայեղականներ, որոնք ռուսական բանակին դէմ կ՛օգտագործուին, սակայն անօգուտ կերպով»:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ ռուսական ուժերը հեռահաս հրթիռներով ռմբակոծած ու վնասազերծած են Սթարուքոսթիանթիեւի մօտ գտնուող օդուժի ռազմակայանը, եւ ռուսական ուժերը կը շարունակեն Ուքրանիոյ զինուորական ենթակառոյցները ռմբակոծել:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի իր կարգին յայտնեց, որ  ռուսական ուժերը ամբողջական կերպով քանդած են Վինիցիայի օդակայանը եւ կը պատրաստուին երկրին հարաւը գտնուող Օտեսա քաղաքը ռմբակոծելու:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը «մեծ ջանք կը թափէ» Ուքրանիոյ պատերազմական օդանաւերու մատակարարման շուրջ Լեհաստանի հետ համաձայնութիւն գոյացնելու: «Չենք կրնար ժամանակացոյցի մասին խօսիլ, սակայն կրնամ ըսել, որ այդ հարցին հետ շատ աշխուժ կերպով կը զբաղինք», ըսաւ ան:

Պլինքըն երէկ նաեւ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն իր եւրոպացի գործընկերներուն հետ կը խօսի ռուսական քարիւղի ներածումները արգիլելու կարելիութեան շուրջ:

Արեւմուտքցի պաշտօնատարներ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնած են, թէ Ուաշինկթընն ու անոր դաշնակիցները հանդարտօրէն կը պատրաստուին աքսորի մէջ ուքրանական կառավարութեան մը հաստատման եւ ուքրանական երկարատեւ դիմադրութեան:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը ձգտին տկարացնել Վենեզուելայի եւ Ռուսիոյ միջեւ հաղորդակցութիւնները` նշելով, որ ամերիկեան պատուիրակութիւն մը շաբաթ օր ուղղուած է Քարաքաս` հանդիպում ունենալու Նիքոլաս Մատուրոյի կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Օրաթերթին աղբիւրները նշած են, որ Միացեալ Նահանգներ «ջանքեր կը թափեն Ռուսիան ու անոր միջազգային դաշնակիցները իրարմէ հեռացնելու համար»:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ հետ բանակցող ուքրանական պատուիրակութեան անդամ Տէյվիտ Արախամիա ընկերային ցանցերու վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց. «Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ պատուիրակութիւնները բանակցութիւններուն 3-րդ փուլը պիտի կայացնեն»:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ռուսական պատուիրակութեան ղեկավար Լէոնիտ Սլացքի իր կարգին յայտնած է, թէ բանակցութիւններու 3-րդ փուլը պիտի կայանայ 7 մարտին:

Սլոցքի եւ Արախամիա բանակցութիւններու վայրը չնշեցին:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել շաբաթ օր յայտնեց. «Չինաստանը կրնայ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին վերջ տալու համար հաւանական միջնորդ ըլլալ: Եւրոպայի մէջ անվտանգութիւն պիտի չըլլայ, եթէ Փութին յաղթանակ արձանագրէ»:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի իր կարգին շաբաթ օր յայտնեց. «Ռուսիոյ դէմ մեր յաղթանակը աշխարհի վրայ ժողովրդավարութեան յաղթանակն է: Մեր յաղթանակը Եւրոպայի մէջ բարգաւաճում պիտի յառաջացնէ»:

Նախորդը

«Փութինը Պէտք Է Ձախողի, Եւ Մենք Պէտք Է Այդ Ձախողութիւնը Ապահովենք» Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Վարչապետը

Յաջորդը

Չաւուշօղլու Յոյս Ունի Անթալիոյ Համախմբումի Ընթացքին Լաւրով-Քուլեպա Հանդիպում Կազմակերպել

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.