Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեսքով. «Որեւէ Պահու Կրնանք Դադրեցնել Յատուկ Զինուորական Գործողութիւնը, Եթէ Քիեւ Ընդունի Մեր Պայմանները»

March 8, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ ուշ գիշերին Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւնները Պիելոռուսիոյ Պելովեծսքայա շրջանին մէջ սկսան բանակցութիւններու երրորդ փուլին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ այս մասին տեղեկացուցած է Պիելոռուսիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ Ռուսիան Ուքրանիոյ յայտնած է, որ որեւէ պահու կրնայ դադրեցնել յատուկ զինուորական գործողութիւնը, եթէ Քիեւ ընդունի Մոսկուայի պայմանները:

Անոր համաձայն, Ուքրանիան պէտք է ընդունի Խրիմի ռուսական տարածք ըլլալը, ինչպէս նաեւ ճանչնայ Տոնպասի ժողովրդային հանրապետութեան եւ Լուկանսքի ժողովրդային հանրապետութեան անկախութիւնը:

Բացի ատկէ, Փեսքովի համաձայն, Ուքրանիան պէտք է սահմանադրականօրէն ամրապնդէ իր ոչ յանձնառու կարգավիճակը:

«Մենք իրականութեան մէջ կ՛աւարտենք Ուքրանիոյ ապառազմականացումը… Անոնք (ուքրանացիները) պէտք է դադրեցնեն մարտական գործողութիւնները», ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբերը:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի յայտնեց. «Պիտի շարունակենք զօրակցիլ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ բանակցութիւններուն, եւ բանակցութիւնները շարունակելը հանդարտութիւն ու ողջախոհութիւն կը պահանջէ, ուստի պէտք է շրջանին մէջ երկարատեւ կայունութեան վրայ կեդրոնանանք»:

«Յանձնառու ենք Ռուսիոյ հետ գործընկերութեան ու բարեկամութեան, եւ մեր յարաբերութիւնները հիմնուած են անկողմնակալութեան ու ճակատումի մերժումին վրայ, եւ մենք կը մերժենք Պաղ պատերազմին կամ դիմակայութեան վերադառնալ», ըսաւ ան` նշելով. «Չին-ռուսական յարաբերութիւնները հիմնուած են յարգանքի վրայ, եւ նախանձախնդիր ենք, որ երրորդ կողմ մը անոնց չմիջամտէ»:

«Չինական կարմիր խաչը պիտի նպաստէ Ուքրանիոյ մարդասիրական աջակցութեան տրամադրման» շեշտեց ան` աւելցնելով. «Պէյճինկ պատրաստ է ուքրանական տագնապի լուծման առումով պէտք եղած միջնորդութիւնը կատարելու»:

 

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգները Աշխարհագրական Իրողութիւնը Զէնքի Ուժով Փոխելը Չեն Կրնար Ընդունիլ» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Յաջորդը

«Ուքրանական Տագնապը Մեր Երկրին Համար Վտանգ Չի Ներկայացներ, Եւ Մեր Ժողովուրդը Պէտք Չէ Մտահոգուի» Կ՛ըսէ Վրացական Կառավարութիւնը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.