Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնած է, որ Թուրքիան արեւմտեան դաշնակիցներէն Ռուսիոյ հետ հաղորդակցութեան ուղիները բաց պահելու հաւանութիւն ստացած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմենիա»-ն` յղում կատարելով «Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» պատկերասփիւռի կայանին:
«Միացեալ Նահանգները ՕԹԱՆ-ի միւս դաշնակիցներուն հետ սկսած է շարք մը լուրջ տնտեսական պատժամիջոցներ հաստատել Ռուսիոյ դէմ: Մենք արդէն յայտնած ենք այս հարցին նկատմամբ մեր դիրքորոշումը (որ Անգարան պատժամիջոցներ չի ծրագրեր Ռուսիոյ դէմ): Մենք յատուկ յարաբերութիւններ ունինք Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հետ: Երկուքն ալ մեր ծովային դրացիներն են: Կը կարծենք, որ շատ կարեւոր է խօսիլ երկու կողմերուն հետ», ըսած է Քալըն:
Ան նշած է, որ երբ Թուրքիան հարցում ուղղած է` «իսկ ո՞վ պիտի խօսի Ռուսիոյ հետ, եթէ բոլորը կամուրջները այրեն», արեւմտեան դաշնակիցները տուած են իրենց համաձայնութիւնը, որպէսզի Թուրքիան բաց պահէ Ռուսիոյ հետ հաղորդակցութեան ուղիները, որովհետեւ ատիկա բոլորին համար շատ կարեւոր է:
«Մենք կողմնակից ենք բանակցութիւններու շարունակման, միջանցքներու բացման, մարդոց տարհանման, պատերազմի դադրեցման», ըսած է Քալըն:
Թուրքիոյ նախագահի բանբերը նաեւ շեշտած է, որ իրենք այդ հարցին շուրջ պիտի շարունակեն սերտօրէն համագործակցիլ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցներուն եւ դրացի երկիրներուն հետ:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահական պալատը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին յայտնած է, թէ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի պատրաստ է հանդիպում ունենալու Փութինի հետ:


