Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են` քննարկելով Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակի հարցը:
«Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը յայտնէ, թէ քննարկումը կատարուած է թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ:
Կը նշուի նաեւ, որ երկու երկիրներու նախարարները քննարկած են պաշտպանական ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:


