Սպանական «Մարքա» մարզական անուանի օրաթերթին համաձայն, քաթալոնական Պարսելոնան պիտի երկարաձգէ պայմանագրութիւնը պրազիլցի յետսապահ Տենի Ալվեսի, որ յառաջիկայ մայիսին կը դառնայ 39 տարեկան:
Նշուեցաւ, որ անոր հետ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը նախատեսուած պայմանագրութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու համաձայնագիր մը կայ երկու կողմերուն միջեւ:
Ֆութպոլիստը վերջերս իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր ամէն կարելին կ՛ընէ, որպէսզի մինչեւ նոյեմբեր-դեկտեմբեր շատ լաւ մարզավիճակի մէջ ըլլայ` Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբ հրաւիրուելու եւ անոր հետ մասնակցելու 2022-ի Մոնտիալին:
Նշենք, որ ան 2008-2016 ժամանակամիջոցին եւս մաս կազմած է Պարսելոնային` անոր հետ տիրանալով 23 տիտղոսի:


