Միացեալ Նահանգերու զինեալ ուժերու սպայակոյտերու ղեկավարներու միացեալ յանձնախումբի նախագահ Մարք Միլի զգուշացուցած է, որ ժամանակակից աշխարհին վրայ մեծ տէրութիւններուն միջեւ զգալի միջազգային տագնապի հաւանականութիւնը կը մեծնայ, ոչ թէ` կը նուազի: Այս մասին հաղորդեց «Կոլոսամերիքի» կայքը:
«Ռուսիոյ զինեալ ուժերու Ուքրանիա ներխուժումը լրջագոյն սպառնալիքն է Եւրոպայի եւ, հաւանաբար, աշխարհի խաղաղութեան ու անվտանգութեան` Միացեալ Նահանգներու բանակին մէջ իմ 42-ամեայ ասպարէզիս ընթացքին», ըսած է զօր. Մարք Միլին` Ներկայացուցիչներու տան Զինեալ ուժերու հարցերով յանձնախումբի նիստին:
«Միացեալ Նահանգները կը գտնուին կենսական եւ պատմական, աշխարհառազմավարական շրջադարձային կէտի մէջ: Մենք յայտնուած ենք աշխարհի մը մէջ, որ աւելի անկայուն կը դառնայ, եւ մեծ տէրութիւններու միջեւ զգալի միջազգային տագնապի ներուժը կը մեծնայ, եւ ոչ թէ կը նուազի», շարունակած է զօր. Միլի:
Ան զգուշացուցած է, որ սխալ պիտի ըլլայ ակնկալել, որ Ուքրանիոյ մէջ տագնապը շուտափոյթ աւարտ պիտի ունենայ:
«Ես կը կարծեմ, որ ասիկա ձգձգուող տագնապ է, որ պիտի չափուի տարիներով: Չեմ գիտեր` կարելի՞ է խօսիլ տասնամեակի մը մասին, սակայն քանի մը տարուան մասին կարելի է խօսիլ, ատիկա հաստատ է: Կը կարծեմ, որ Միացեալ Նահանգները, ՕԹԱՆ-ը, Ուքրանիան եւ բոլոր դաշնակիցներն ու գործընկերները երկար ժամանակ ներքաշուած պիտի ըլլան անոր մէջ», ըսած է զօրավարը:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին, որ խօսած է Միլիի հետ լսումներու ժամանակ, Ռուսիան նոյնպէս կոչած է «սուր սպառնալիք» Միացեալ Նահանգներու համար: Բայց եւ այնպէս, ընդհանուր առմամբ, ըստ Միլիի, Չինաստանը երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ կը մնայ Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր «աշխարհառազմավարական մարտահրաւէրը»:
Մոսկուան Ռուսիոյ դէմ ուղղուած իւրաքանչիւր քայլին համապատասխան հակազդեցութիւն պիտի ունենայ: Այս մասին «Սփութնիք» ձայնասփիւռի կայանէն ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` մեկնաբանելով արեւմտեան երկիրներէն ռուս դիւանագէտներու արտաքսման զանգուածային դէպքերը:
«Իւրաքանչիւր նման ոչ բարեկամական արարքի համար մենք համապատասխան հակազդեցութիւն պիտի ունենանք», ըսած է Զախարովա:
Ան ընդգծած է, որ արեւմտեան գործընկերներու նման քայլերը «տէ ֆաքթօ կը յանգեցնեն երկկողմանի յարաբերութիւններու խոչընդոտման»:
Դիւանագէտը նշած է, որ նման ոչ բարեկամական դրսեւորումի իւրաքանչիւր դէպքի համար կը տրուի Մոսկուայի «ամէնէն արդիւնաւէտ պատասխանը», որ կը համապատասխանէ իրավիճակին:
«Միշտ չէ, որ կարելի է հայելային պատասխան տալ այն պատճառով, որ Ռուսիան շարք մը երկիրներու հետ կա՛մ դիւանագիտական ծառայութիւններու տարբեր կազմակերպութիւններ ունի, կա՛մ երկիրներուն մէջ տարբեր ներկայացուցչութիւններ», աւելցուցած է ան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը աւելցուցած է, որ արեւմտեան երկիրները վերջին տասնամեակներու ընթացքին սկսած են օգտագործել ռուս դիւանագէտներու «անբաղձալի անձ» հռչակումը` իբրեւ տեղեկատուական եւ քաղաքական յարձակում:


