Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն խօսած է ներկայ նախագահական ընտրութեան Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի համար ներկայացուցած կարեւորութեան մասին: «Ռեկնում» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի գործող նախագահը այս մասին յայտարարած է լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:
«Կը խնդրեմ բոլոր համերկրացիներէն` անկախ իրենց հայեացքներէն, երկրորդ փուլին ինծի աջակցիլ: Ատիկա որոշիչ պիտի ըլլայ երկրին եւ ամբողջ Եւրոպային համար», ըսած է Մաքրոն:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան առաջին փուլը տեղի ունեցաւ կիրակի, 10 ապրիլին, իսկ երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ 24 ապրիլին: Նախագահական ընտրութեան քաղաքացիներու մասնակցութեան առաջին փուլին համեմատութիւնը 75 առ հարիւր էր:
Ընտրութեան 2-րդ փուլին Մաքրոնի մրցակիցն է ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային ճակատի ղեկավար Մարին Լը Փեն: Մաքրոն եւ Լը Փեն նախորդ նախագահական ընտրութեան 2-րդ փուլին եւս իրարու դէմ ընտրապայքար մղած էին:


