Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Տը Թայմզ»-ին. Ֆինլանտան Եւ Շուէտը Մտադիր Են Այս Ամառ Միանալ ՕԹԱՆ-ին

April 12, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուէտն ու Ֆինլանտան մտադիր են այս տարուան ամրան միանալ ՕԹԱՆ-ին: Այս մասին հաղորդեց բրիտանական «Տը Թայմզ» օրաթերթը` յղում կատարելով իր աղբիւրներուն:

Ինչպէս կը գրէ օրաթերթը, ամերիկացի անանուն պաշտօնատարներու համաձայն, նշեալ երկիրներու դաշինքին անդամակցութիւնը ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու բազմաթիւ հանդիպումներու եւ քննարկումներու նիւթը դարձած է:

«Կ՛ակնկալուի, որ Ֆինլանտան յունիսին անդամակցութեան դիմում ներկայացնէ, իսկ անոր պիտի յաջորդէ Շուէտը», կը գրէ օրաթերթը:

Թերթի հարցումին պատասխանած եւրոպացի դիւանագէտները յայտարարած են, որ այս երկիրներուն անդամակցութիւնը պիտի ընդլայնէ ՕԹԱՆ-ի կարելիութիւնները, յատկապէս` հետախուզական տեղեկատուութեան հաւաքագրման եւ օդուժերու հզօրացման ոլորտներուն մէջ:

Դիւանագէտներէն մէկուն համաձայն` Շուէտն ու Ֆինլանտան դաշինքին մէջ «իրական դերակատարներ» պիտի ըլլան:

Յիշեցնենք, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարած էր, որ Ֆինլանտան եւ Շուէտը կրնան յոյս դնել ՕԹԱՆ-ին արագացուած ընթացակարգով անդամակցելու վրայ:

Նշենք, որ Շուէտի վարչապետ Մակտալենա Անտերսըն մերժած էր ուքրանական ճգնաժամի պատճառով ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու ընդդիմութեան կոչերը` յայտարարելով, որ այդ դիմումը կ՛ապակայունացնէ Եւրոպայի անվտանգութիւնը: Այս մասին հաղորդած էր ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

Շուէտը 1814 թուականէն ի վեր չէ մասնակցած պատերազմի եւ իր արտաքին քաղաքականութիւնը կը կառուցէ զինուորական դաշինքներուն մաս չկազմելու վրայ, սակայն վերջին տարիներուն աւելի սերտ կապեր զարգացուցած է ՕԹԱՆ-ի հետ, որովհետեւ Պալթեան շրջանին մէջ Ռուսիոյ հետ լարուածութիւնը կ՛աճի:

«Եթէ Շուէտը որոշէ այս կացութեան մէջ ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու դիմում ներկայացնել, ատիկա առաւել եւս պիտի ապակայունացնէ Եւրոպան եւ պիտի ուժեղացնէ լարուածութիւնը», լրագրողներուն ըսած էր Անտերսըն:

«Ես միշտ յստակ ըսած եմ, որ Շուէտի անվտանգութեան եւ Եւրոպայի անվտանգութեան համար աւելի լաւ պիտի ըլլայ, եթէ կառավարութիւնը երկարաժամկէտ, հետեւողական եւ կանխատեսելի քաղաքականութիւն վարէ, եւ ես կը շարունակեմ ատոր հաւատալ», յայտարարած էր Շուէտի վարչապետը:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով` պատասխանելով Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան հեռանկարին մասին հարցումի մը, յայտնած է, որ ՕԹԱՆ-ի հետագայ ընդլայնումը, ներառեալ Ֆինլանտայի եւ Շուէտի դաշինքին անդամակցութիւնը, պիտի չնպաստէ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան:

«Դաշինքը ինքնին աւելի ճակատումի ուղղուած գործիք է: Ասիկա խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովող դաշինք չէ: Դաշինքի հետագայ ընդլայնումը, ի հարկէ, եւրոպական ցամաքամասին լրացուցիչ անվտանգութիւն պիտի չբերէ», ըսած է Քրեմլինի բանբերը:

 

Նախորդը

Ակնարկ. Միջազգային Դրամական Ֆոնտն ու Խորհրդարանական Ընտրութիւնները

Յաջորդը

«Ընտրութեան Երկրորդ Փուլը Որոշիչ Պիտի Ըլլայ Երկրին Եւ Ամբողջ Եւրոպային Համար» Կ՛ըսէ Մաքրոն

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.