Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ ըսած է, որ բանակցութեան խումբին մէջ Ուքրանիան 6 ապրիլին ներկայացուցած է համաձայնութեան նոր նախագիծ մը, ուր ակնյայտօրէն նահանջ կայ Պոլսոյ մէջ 29 մարտի հանդիպումի ընթացքին ամրագրուած կարեւոր կէտերէն:
«Ընդ որում, փաստաթուղթին վրայ կայ ուքրանական պատուիրակութեան ղեկավար Արախամիի ստորագրութիւնը», նշած է Լաւրով:
«Ինթըրֆաքս»-ի համաձայն, ան միեւնոյն ժամանակ ըսած է, որ հակառակ բոլոր սադրանքներուն` ռուսական պատուիրակութիւնը կը շարունակէ բանակցային հոլովոյթը` յառաջ մղելով համաձայնութեան իր նախագիծը, ուր յստակ եւ ամբողջական ծաւալով ներկայացուած են նախկին բոլոր առանցքային դիրքորոշումներն ու պահանջները:
Միւս կողմէ, ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Պրիւքսելի մէջ 6-7 ապրիլին ՕԹԱՆ-ի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Ռուսիան ու Ուքրանիան կ՛աջակցին Թուրքիոյ մէջ բանակցային հոլովոյթը շարունակելու գաղափարին:
«Մենք հակամարտող կողմերուն առաջարկած ենք բանակցութիւնները շարունակել Թուրքիոյ մէջ: Երկու կողմերն ալ սկզբունքօրէն կը պաշտպանեն Թուրքիոյ մէջ բանակցութիւններ վարելու գաղափարը», ըսած է ան:
Ուքրանական «Եուրօ-ինթըկրէյշըն» կայքը հաղորդեց, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին չէ փոխած իր հիմնական նպատակը` վերահսկողութեան տակ առնել Ուքրանիան, եւ հիմնական ուժերը կը տեղափոխէ Տոնպասը գրաւելու համար:
«Այս պատերազմին վերջ տալու ամէնէն դիւրին ճամբան այն է, որ նախագահ Փութինը բոլոր զօրքերը հեռացնէ եւ լրջօրէն դիւանագիտական ջանքեր գործադրէ` դիւանագիտական լուծում գտնելու համար: Սակայն մենք պէտք է իրատես ըլլանք, եւ որեւէ նշան չկայ, որ նախագահ Փութին փոխած է իր առաջնային նպատակը` վերահսկողութեան տակ առնելու Ուքրանիան եւ մարտի դաշտին մէջ հասնելու նշանակալի ռազմական յաղթանակներու», ըսած է Սթոլթենպերկ:
Անոր համաձայն, ՕԹԱՆ-ը չի տեսներ ռուսական նահանջ, այլ միայն վերախմբաւորում` փոխելով իրենց ուժերուն դիրքերը, Ուքրանիոյ հիւսիսէն շարժելով դէպի արեւելք: Մենք ճակատամարտերու կը սպասենք Տոնպասի մէջ, այդ իսկ պատճառով դաշնակիցները այսօր նշած են Ուքրանիոյ լրացուցիչ օգնութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը», ըսած է Սթոլթենպերկ:


