Ղազախստանը չի ճանչնար Ուքրանիոյ արեւելքը գտնուող Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ինքնահռչակ հանրապետութիւնները: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Մուխթար Թլէուպերտին:
«Այս պահուս մենք չենք ճանչնար ո՛չ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւնը, ո՛չ Տոնեցքի հանրապետութիւնը», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ղազախական ծառայութեան հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Թլէուպերտին` միեւնոյն ժամանակ աւելցնելով, որ Նուրսուլթանը նաեւ չի պատրաստուիր միանալու Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներուն:
«Մեզի համար կարեւոր է, որ չարտօնենք այդ պատժամիջոցներուն մեր տնտեսութեան զարգացման վրայ բացասական ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր տարածքը օգտագործուի այդ պատժամիջոցներէն խուսափելու համար», ըսած է ղազախական դիւանագիտութեան պետը:
Ռուսիոյ մօտիկ դաշնակիցը նկատուող Ղազախստանը Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժումը դատապարտող ՄԱԿ-ի բանաձեւին ձեռնպահ քուէարկած է: Անցեալ ամիս ալ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Ուքրանիա` «Ուքրանիա, մենք ձեզի հետ ենք», կարգախօսով:


