Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յանձնառու Ենք Պոլսոյ Մէջ Գոյացած Փոխադարձ Հասկացողութիւններուն, Եւ Մեր Դիրքորոշումը Չփոխեցինք» Կ՛ըսէ Արախամիա

April 14, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ հետ բանակցող ուքրանական պատուիրակութեան նախագահ Տաւիտ Արախամիա յայտնեց. «Հակառակ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութեան, ուքրանական կողմը յանձնառու է Պոլսոյ մէջ գոյացած փոխադարձ հասկացողութիւններուն, եւ իր դիրքորոշումը չփոխեց»:

Արախամիա ընկերային ցանցերու վրայ յայտնեց. «Միակ տարբերութիւնը այն է, որ ուքրանական կողմը անտարբեր մնաց բոլոր յաւելեալ հարցերուն նկատմամբ, որոնք Պոլսոյ մէջ գոյացած հասկացողութիւններուն մէջ չեն նշուած, եւ թերեւս ատիկա բանակցութեան հոլովոյթի ներկայ կացութեան սխալ հասկացողութեան առաջնորդեց», ըսաւ Արախամիա:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նախապէս յայտարարած էր. «Ուքրանական կողմը մերժեց Պոլսոյ մէջ ռուսական կողմին հետ բանակցութիւններէն բխած փոխադարձ հասկացողութիւնները, եւ բանակցութիւնները մատնուեցան անելի»: Ռուսական դիւանագիտութեան պետը իր կարգին ըսած էր. «Ուքրանական կողմը սկսաւ սադրանքներու դիմել եւ ետդարձ կատարել բանակցութիւններու ընթացքին իր ներկայացուցած առաջարկներէն»:

Ուքրանիոյ Նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի առաջարկեց Վիքթոր Մետվետչուքը փոխանակել ուքրանացի պատերազմական գերիներու հետ: Մետվետչուք, որուն կը կոչեն «Փութինի քաւոր», տնային կալանքի տակ էր եւ Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժման առաջին օրը փախուստի դիմած էր: Ուքրանիոյ մէջ ան կ՛ամբաստանուի շարք մը մեղադրանքներով եւ հոկտեմբեր 2021-ին փտածութեան վրայ աւելցած է նաեւ պետական դաւաճանութեան մեղադրանքը:

Ուքրանիոյ նախագահը մէկ օր առաջ «Թելեկրամ»-ի վրայ տեղադրած էր Մետվետչուքի լուսանկարը: Զելենսքիի համաձայն, Ուքրանիոյ անվտանգութեան ծառայութիւնը յատուկ գործողութիւն կատարած է ռուսամէտ գործիչը գտնելու եւ ձերբակալելու համար:

Զելենսքի Էսթոնիոյ խորհրդարանին առջեւ տեսակապով իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ Ռուսիան ֆոսֆորային ռումբեր կ’օգտագործէ` ահաբեկման մարտավարութիւն կիրարկելով քաղաքային բնակչութեան դէմ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով երէկ նշեց. «Մենք պիտի դիմակայենք Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնը դանդաղեցնելու ամերիկեան եւ արեւմտեան բոլոր փորձերը»:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր զօր. Իկոր Քոնաշենքով երէկ յայտարարեց, որ Մարիուփոլի մէջ աւելի քան 1000 ուքրանացի զինուորներ կամաւոր յանձնուած են, անոնց շարքին են 162 սպաներ եւ 47 կին զինուորներ:

Նախորդը

Պայտըն Փութինը «Ցեղասպանութիւն Գործող Բռնապետ» Կը Կոչէ

Յաջորդը

Թենիս. Նովաք Ճոքովիչի Անակնկալ Պարտութիւնը

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.