Թուրքիան կրնայ սերտել ռուսական «Սու-57» օդանաւեր ձեռք բերելու հաւանականութիւնը, եթէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը մերժէ Անգարային «ԷՖ-16» հալածիչներ վաճառել: Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթը:
Օրաթերթին համաձայն, Անգարան Ուաշինկթընէն խնդրած է 40 «ԷՖ-16 Պլոք 70» կործանիչ եւ 80 «Պլոք 70» արդիականացման յաւելուած արդէն իսկ թրքական օդուժին պատկանող «ԷՖ-16» օդանաւերու համար:
Եթէ այս դիմումը չընդառաջուի, ապա Թուրքիան պիտի սկսի փնտռել այլընտրանքային տարբերակներ, որոնցմէ մէկը կրնայ ռուսական «Սու-57» հալածիչներու գնումը ըլլալ:


