Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Այոա նահանգին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին Ռուսիոյ ղեկավար Վլատիմիր Փութինը կոչած է «բռնապետ», իսկ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ զինուորական յատուկ գործողութիւնը` «ցեղասպանութիւն»: Այս մասին կը հաղորդէ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը այս մասին յայտարարած է, երբ ան ափսոսանք յայտնած է կազի գինի սղելուն առնչութեամբ: «Ձեր ընտանեկան պիւտճէն, ինքնաշարժը պենզին լեցնելու ձեր կարողութիւնը պէտք չէ կախեալ ըլլալ անկէ, թէ արդեօք բռնապետը պատերազմ պիտի յայտարարէ՞ եւ աշխարհի միւս ծայրին մէջ ցեղասպանութիւն պիտի գործէ՞», ըսած է Պայտըն:
Աւելի ուշ, նախքան դէպի Ուաշինկթըն ուղղուիլը, Սպիտակ տան ղեկավարը մեկնաբանած է իր խօսքերը. «Ես ատիկա ցեղասպանութիւն կոչեցի, որովհետեւ հետզհետէ աւելի յստակ կը դառնայ, որ Փութին պարզապէս կը փորձէ ոչնչացնել ուքրանացի ըլլալու գաղափարը: Եւ ապացոյցները կ՛աճին: Մենք միջազգային մակարդակով իրաւաբաններուն պիտի արտօնենք որոշել, թէ արդեօք ատիկա կրնա՞յ համապատասխան որակաւորուիլ, թ՞է ոչ, սակայն ինծի համար ատիկա այդպէս է», ըսած է Պայտըն:
Միւս կողմէ, Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի արձագանգած է Պայտընի յայտարարութեան եւ զայն նկատած «իսկական ղեկավարի իսկական խօսք»: Ան այս մասին գրառում կատարած է «Թուիթըր»-ի վրայ:
Ան միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ չարիքի դէմ պայքարին մէջ կարեւոր է իրերը իրենց անուններով կոչելը:
«Իսկական ղեկավար Ճօ Պայտընի իսկական խօսքերը: Իրերը իրենց անուններով կոչելը կարեւոր է չարին դէմ դնելու համար: Մենք երախտապարտ ենք Միացեալ Նահանգներու կողմէ արդէն իսկ ցուցաբերուած օգնութեան համար, սակայն շտապ անհրաժեշտ են աւելի ծանր զէնքեր` կանխարգիլելու ռուսական հետագայ վայրագութիւնները», կը նշուի Զելենսքիի ուղերձին մէջ:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` Ուքրանիոյ մէջ ցեղասպանութեան շուրջ յայտարարութիւնը կ՛աղաւաղէ իրողութիւնը եւ անընդունելի է»:


