Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Խորհրդարանը Նախագահին Ներկայացուցած Է Հիւլէական Գործարքի Վերականգնման Վերաբերող Պայմաններ

April 13, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանցի օրէնսդիրները նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիին յղած են նամակ մը, որուն մէջ նշած են 2015 թուականի հիւլէական գործարքի վերականգնման պայմանները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԲԿ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով իրանեան «Թասնիմ»-ին: Նամակը ստորագրած են աւելի քան 250 երեսփոխաններ:

Օրէնսդիրներուն ներկայացուցած պայմանները կը ներառեն Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու նոր պատժամիջոցներ կիրարկելէ հրաժարումը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ հաստատուած իրաւական երաշխիքներ, թէ Ուաշինկթըն համաձայնագիրէն դուրս պիտի չգայ:

Բացի ատկէ, իրանցի երեսփոխանները կը պնդեն իրանեան քարիւղի արտածման սահմանափակումներու չեղեալ յայտարարուելուն վրայ:

Նախապէս Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան իր կարգին հիւլէական գործարքի վերսկսման մէկ այլ պայման  յայտարարած էր: Ատիկա Միացեալ Նահանգներու կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատուող Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին դէմ պատժամիջոցներու ջնջումն է:

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի շաբաթ օր յայտարարած էր, որ Իրան պիտի չհրաժարի հիւլէական ծրագիրէն` ընդգծելով ատոր խաղաղ բնոյթը:

 

Նախորդը

«Ռուսիան Կը Սերտէ Մեր Հողերուն Վրայ Բռնագրաւումի Իշխանութիւններ Հաստատելու Եւ Խերսոնի Մէջ Կեղծ Հանրապետութիւն Ստեղծելու Հարցը» Կ՛ըսէ Ուքրանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը

Յաջորդը

«Փութին Մտադիր Է Հակառակ Պատժամիջոցներուն Լուծել Տոնպասի Հարցը» Կ՛ըսէ Աւստրիոյ Վարչապետը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.