Հարաւային Օսեթիոյ նախագահական պալատի տեղեկութիւններու եւ վերլուծումներու բաժանմունքի նախագահ Եուրի Վազակով յայտնեց. «Երկրին Ռուսիոյ միանալու շուրջ հանրաքուէի կայացման պատրաստութիւնները կրնան ամբողջանալ յառաջիկայ մայիսին կամ յունիսին»:
Ան «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին վստահութիւն յայտնեց. «Բոլոր ստորագրութիւնները շատ արագ տեղի պիտի ունենան, սակայն ատկէ ետք հանրաքուէի յատուկ օրինագիծը պէտք է քննարկման համար ներկայացուի Սահմանադրական դատարանին, նախքան հանրաքուէի քարոզարշաւին սկսիլը»:
«Նախապէս մայիսի եւ յունիսի նման թուականներ ալ նշուած են, թերեւս մինչ այդ պատրաստութիւնները կ՛աւարտին», աւելցուց ան:
 Հարաւային Օսեթիոյ նախագահ Անաթոլի Պիպիլով ԹԱՍՍ-լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Հարաւային Օսեթիոյ Ռուսիոյ կազմ մուտք գործելու հարցով հանրաքուէ կատարելու հարցը տակաւին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ չէ քննարկուած:

«Ըսել, որ ես ուղղակիօրէն խօսած եմ Վլատիմիր Վլատիմիրովիչի հետ, ի հարկէ ոչ», ըսած է Պիպիլով` պատասխանելով համապատասխան հարցումին:
Ան միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ ռուսական կողմին հետ խորհրդակցութիւններ կը կատարուին «տարբեր մակարդակներով»:
«Միշտ այդ հարցերը, կը կարծեմ, պէտք է քննարկուին նպատակին հասնելէ ետք, հիմա անուններ կամ պաշտօններ նշելու կարիք չկայ», աւելցուցած է ան:
Հարաւային Օսեթիոյ նախագահը նախապէս յայտարարած էր. «Հանրապետութիւնը մօտ օրէն Ռուսիոյ մաս կազմելու իրաւական քայլեր պիտի կատարէ»: