Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յունիսի Վերջին-Յուլիսին Մեր Կողմէ Թէժ Յարձակում Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Զելենսքիի Գրասենեակը

Ապրիլ 29, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական Ալեքսէյ Արեսթովիչ ըսած է, որ Ուքրանիան շուտով հզօր զէնք պիտի ստանայ Արեւմուտքէն, ապա ալ իր տարածքը ազատագրելու համար աշխուժ յարձակողական գործողութիւններու պիտի սկսի: Այս մասին հաղորդեց «Քորրեսփոնտենթ»-ը:

Արեսթովիչ ըսած է, որ մայիսի վերջին-յունիսի սկիզբին արեւմտեան զէնքերը պիտի հասնին «առեւտրական քանակութեամբ, ինչ որ կրնայ փոխել որոշ տարածքներու մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը»:

«Յունիսի վերջ-յուլիս ամիսներուն մեր կողմէ թէժ յարձակում պիտի ըլլայ», աւելցուցած է նախագահի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդականը:

Մինչ այդ, Քանատայի խորհրդարանի Համայնքներու պալատը միաձայնութեամբ Ռուսիան ամբաստանեց Ուքրանիոյ մէջ «ցեղասպանութիւն» գործելու յանցանքով:

«Հաշուի առնելով Վլատիմիր Փութինի եւ Ռուսիոյ խորհրդարանի անդամներու հրամանով Ռուսիոյ զինեալ ուժերուն կողմէ ուքրանացիներուն դէմ գործուած կանոնաւոր եւ բազմաթիւ զինուորական ու մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու մասին զգալի քանակութեամբ յստակ ապացոյցները… Քանատայի Համայնքներու պալատը կ՛ընդունի, որ Ռուսիան Ուքրանիոյ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն կը գործէ», կը նշուի Քանատայի Համայնքներու պալատի յայտարարութեան մէջ:

Ատոր մէջ նաեւ կը նշուի, որ ռուսական զինուորական յանցագործութիւնները կը ներառեն զանգուածային վայրագութիւններ, ուքրանացի խաղաղ բնակիչներու դիտաւորեալ սպանութիւններու համակարգուած դէպքեր, դիակներու պղծում, ուքրանացի երեխաներու հարկադիր արտաքսում, խոշտանգումներ, ֆիզիքական ու հոգեբանական վնասուածքներ եւ բռնաբարութիւններ:

Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոն երկու շաբաթ առաջ յայտարարած էր, որ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ յարձակումը «ցեղասպանութիւն» կոչելը «ճիշդ» է: Ան այդպիսով դարձած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընէն ետք արեւմուտքցի երկրորդ ղեկավարը, որ Ռուսիոյ ներկայ գործողութիւնները կոչած է «ցեղասպանութիւն»:

«Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Խերսոնի ռազմաքաղաքացիական վարչակազմի փոխնախագահ Քիրիլ Սթրեմուսով յայտնած է, որ Խերսոնի մարզը 1 մայիսին պիտի մտնէ ռուբլիի գօտի` աւելցնելով, որ անցումային շրջանը շուրջ չորս ամիս պիտի տեւէ:

Ան միեւնոյն ժամանակ յայտարարած է, որ Խերսոնի մարզի մէջ հանրաքուէ չի նախատեսուիր: Դատելով Սթրեմուսովի խօսքերէն, ռուսերը մտադիր չեն հեռանալ այս շրջանէն:

«Խերսոնի շրջանի Ուքրանիոյ վերադարձը կը բացառուի», ըսած է Սթրեմուսով:

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ ուքրանական ուժերը երէկ 3 «Թոշքա Ու» եւ «Ուրական» բազմափող հրթիռային համակարգերէ ռմբակոծած են Խերսոնի պատկերասփիւռի կայանի շրջանը»: Ռուսական ուժեր 3 «Թոշքա Ու»-երէն 2-ը վնասազերծած են, եւ պատկերասփիւռի կայանի աշտարակը անվնաս մնալով շարունակած է շրջանին մէջ ռուսական պատկերասփիւռի կայաններուն սփռումը:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը Որդեգրեց Վրաստանին Օժանդակութիւնը Աւելցնելու Օրինագիծ Մը

Յաջորդը

Էրտողան Երէկ Երկօրեայ Այցելութեամբ Հասաւ Սէուտական Արաբիա

RelatedPosts

Քաթար. «Երկուշաբթի Օր Տոհայի Մէջ  Արաբական-Իսլամական Արտակարգ Ժողով`  Քննարկելու Համար Քաթարի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Քաթար. «Երկուշաբթի Օր Տոհայի Մէջ Արաբական-Իսլամական Արտակարգ Ժողով` Քննարկելու Համար Քաթարի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումը»

Սեպտեմբեր 15, 2025
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Որդեգրեց  Պաղեստինեանեւիսրայէլեան Հարցի  Կարգաւորման Բանաձեւը
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Որդեգրեց Պաղեստինեանեւիսրայէլեան Հարցի Կարգաւորման Բանաձեւը

Սեպտեմբեր 15, 2025
Քաթարի Վեհաժողովի Նախօրեակին  Զգուշացնելով Իսամալական  Կառավարութիւնները`  Լարիժանի. «Առնուազն Ձեր Ոչնչացումէն  Խուսափելու Համար Համեստ Որոշում Տուէք»
Միջազգային

Քաթարի Վեհաժողովի Նախօրեակին Զգուշացնելով Իսամալական Կառավարութիւնները` Լարիժանի. «Առնուազն Ձեր Ոչնչացումէն Խուսափելու Համար Համեստ Որոշում Տուէք»

Սեպտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?