Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Դռնփակ Հանդիպում Ունեցաւ Մոհամետ Պըն Սալման Իշխանին Հետ

April 30, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը Ժետտայի թագաւորական «Սալամ» պալատին մէջ դռնփակ հանդիպում մը ունեցան:

Հանդիպումին ներկայ էին Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պաքըր Պոզտաղ, ելեւմուտքի նախարար Նուրետտին Նապաթի, ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մոհամետ Նուրի Արսոյ, պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, առողջապահութեան նախարար Ֆահրեթթին Քոճա եւ առեւտուրի նախարար Մուհամետ Մուշ:

Դռնփակ հանդիպումին ներկայ էին նաեւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Պինալի Եըլտըրըմ, թրքական գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Հաքան Ֆիտան, նախագահական պալատի տեղեկատուութեան բաժանմունքի ղեկավար Ֆահրեթթին Ալթուն, նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն եւ նախագահի գրասենեակի ղեկավար Հասան Տողան:

Էրտողան հինգշաբթի օր` Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորին հրաւէրով երկօրեայ այցելութեամբ հասած էր Սէուտական Արաբիա:

Էրտողան «Թուիթըր»-ի վրայ շարք մը գրառումներ կատարելով յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա իր այցելութիւնը «բարեկամ ու եղբայրական թագաւորութեան հետ նոր ժամանակաշրջանի դռները պիտի բանայ»:

«Մենք` իբրեւ պատմական, մշակութային ու մարդկային կապերու տէր եղբայրական երկու պետութիւններ` մեծ ջանքեր կը թափենք քաղաքական, զինուորական ու տնտեսական բոլոր տեսակի յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ մեր միջեւ նոր ժամանակաշրջան սկսելու համար», աւելցուց Էրտողան` վստահութիւն յայտնելով, որ թուրք-սէուտական յարաբերութիւնները «նախկինէն շատ աւելի լաւ մակարդակի» պիտի բարձրանան:

Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ առողջապահութեան, ուժանիւթի, սննդական անվտանգութեան, հողագործութեան ճարտարագիտութեան, պաշտպանական արտադրութեան ու ֆինանսաւորման մարզերուն մէջ գործակցութիւնը երկու երկիրներուն հասարակաց շահերուն կը ծառայէ:

Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիան նախանձախնդիր է Ծոցի շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան նկատմամբ` նշելով. «Մենք ամէն առիթի կը հաստատենք, որ Ծոցի շրջանի մեր եղբայրներուն կայունութեան ու անվտանգութեան կարեւորութիւն կ՛ընծայենք, ճիշդ ինչպէս կարեւորութիւն կ՛ընծայենք մեր կայունութեան ու անվտանգութեան:

Նախորդը

Խմբագրական. Զուգընթաց Առաջադրել Ազգայինն Ու Ընկերայինը (Աշխատաւորներու Օրուան Առիթով)

Յաջորդը

Իտալական Ֆութպոլ. Ախոյեան Ինթեր Միլանի Անակնկալ Պարտութիւնը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.