Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւեալ Շուշի քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ միջազգային գիտաժողով: «Թերթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:
«Աղտմ» օդանաւով կը թռչինք Ֆիզուլիի նորակառոյց օդակայան եւ կը մեկնինք Շուշի` «Շուշի Մաժլիս Տիսքաշըն» ձեւաչափով միջազգային վերլուծական կեդրոններու հետ «Հարաւային Կովկասի զարգացում եւ համագործակցութիւն» միջազգային խորհրդաժողով կատարելու համար: Շուշին կը վերածուի շրջանի դիւանագիտական մայրաքաղաքի», նշած է Հաճիեւ: