Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիան Համասի Հետ Մոսկուայի Մէջ Խորհրդակցութիւններ Պիտի Կատարէ

Մայիս 6, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համաս շարժումի պատուիրակութիւնը բանակցութիւններ պիտի վարէ Ռուսիոյ պաշտօնատար անձերու հետ, պիտի արծարծուին պաղեստինեան-իսրայէլեան յարաբերութիւնները եւ Աքսայի մզկիթին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը: «Արմէնփրես»-ը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի երկիրներու խնդիրով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով:

«Ատիկա շատոնց ծրագրուած հանդիպում է: Մենք կը կատարենք կանոնաւոր խորհրդակցութիւններ, որոնք կը կատարուին մշտական հիման վրայ», «Ինթըրֆաքս»-ին ըսած է ան` պատասխանելով Համասի ներկայացուցիչներու` Ռուսիա այցելութեան վերաբերեալ հարցումին: Ինչպէս կ՛ակնկալուի, Մոսկուայի բանակցութիւններուն մէջ Համասի պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ պաղեստինեան շարժումի քաղաքական գրասենեակի փոխղեկավար Մուսա Ապու Մարզուք:

Նշենք, որ Ռուսիա-Համաս խորհրդակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Ռուսիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան պայմաններու մէջ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իտալական «Մետիասեթ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած էր. «Ան (Զելենսքին) յառաջ կը քաշէ հետեւեալ փաստարկը.«Ի՞նչ նացիականութիւն կրնայ մեր մօտ ըլլալ, երբ ես հրեայ եմ»: Ես, եթէ ճիշդ կը յիշեմ, կը վախնամ սխալիլ, սակայն կարծես թէ Հիթլերը եւս հրէական արիւն ունէր: Ատիկա բացարձակապէս ոչինչ կը նշանակէ: Եւ մենք շատոնց լսած ենք, որ իմաստուն հրեայ ժողովուրդը կ՛ըսէ, որ ամէնէն մոլի հակասեմականները սովորաբար հրեաներն են: Ինչպէս կ՛ըսեն` գիւղ չկայ, որ շուն չըլլայ…»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարն ու վարչապետը քննադատած էին Լաւրովը:

 

Նախորդը

Ռուսիան Քալինինկրատի Մէջ «Իսքանտեր»-ի Օգտագործումով Պայմանական Հրթիռային Հարուածներ Հասցնելու Վարժանք Կատարած Է

Յաջորդը

Ուրուկուէյի Ծերակոյտը Չաւուշօղլուի Ձեռքի Շարժումին Պատճառով Որոշած Է Յետաձգել Թուրքիոյ Մէջ Դեսպանի Նշանակումը

RelatedPosts

Թրամփ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Վեհաժողովին  Կրնայ Պաղեստինի Պետութի՞ւնը Ճանչնալ
Միջազգային

Թրամփ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Վեհաժողովին Կրնայ Պաղեստինի Պետութի՞ւնը Ճանչնալ

Մայիս 12, 2025
Փութին. «Քիեւին Կ՛առաջարկենք 15 Մայիսին  Պոլսոյ Մէջ Վերսկսիլ Ուղիղ Բանակցութիւնները`  Առանց Որեւէ Նախապայմանի»
Գլխաւոր լուրեր

Փութին. «Քիեւին Կ՛առաջարկենք 15 Մայիսին Պոլսոյ Մէջ Վերսկսիլ Ուղիղ Բանակցութիւնները` Առանց Որեւէ Նախապայմանի»

Մայիս 12, 2025
Օմանի Մէջ Աւելի Քան 3 Ժամ Տեւողութեամբ  Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Աւելի Քան 3 Ժամ Տեւողութեամբ Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւններ

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?