Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Պիտի Ապահովեն ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Հոլովոյթին Մէջ Շուէտի Անվտանգութիւնը

May 6, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ պատրաստակամութիւն յայտնած են ապահովելու Շուէտի անվտանգութիւնը` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան անոր դիմումը քննարկելու ժամանակաշրջանի ընթացքին, եթէ այդ դիմումը ստացուի: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէն:

«Բնականաբար, ես չեմ պատրաստուիր մանրամասնութիւններ տալու, սակայն շատ վստահ եմ, որ այժմ մենք ամերիկեան երաշխիքներ ունինք», շուէտական պատկերասփիւռի կայանին ըսած է Լինտէն Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք:

Ան բացատրած է, որ երաշխիքները կը վերաբերին այն բանին, որ եթէ Ռուսիան «Շուէտի դէմ որեւէ գործողութեան ձեռնարկէ, որով ան արդէն կը սպառնայ», ապա Միացեալ Նահանգները այդ սպառնալիքը անպատասխան պիտի չձգեն: Սակայն ատիկա, Լինտէի համաձայն, «անվտանգութեան այն որոշակի երաշխիքները չեն, որոնք դուք կրնաք ստանալ` ՕԹԱՆ-ի լիիրաւ անդամ դառնալով»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է հանդիպումէն ետք, կը նշուէր, որ Պլինքըն հաստատած է Ուաշինկթընի հաւատարմութիւնը նոր անդամներու ընդունման հարցին մէջ ՕԹԱՆ-ի քաղաքականութեան, սակայն անվտանգութեան երաշխիքներու մասին ատոր մէջ չէ յիշատակուած:

Ինչպէս լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, կը սպասուի, որ թէ՛ Շուէտը, թէ՛ Ֆինլանտան ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան դիմում ներկայացնելու կամ չներկայացնելու մասին որոշումը պիտի որդեգրեն արդէն այս ամիս:

Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մէկ օր առաջ սպանական «Էյ.Պի.Սի.» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած էր, թէ Ֆինլանտան եւ Շուէտը ՕԹԱՆ-ին անդամակցելով պիտի յայտնուին Ռուսիոյ հետ առճակատումի գօտիին մէջ:

«Անդամակցութենէն պիտի բխին համապատասխան հետեւանքներ, որոնք պիտի ընդգրկեն ժամանակի փորձութեան դիմացած մեր բարի դրացիական յարաբերութիւնները: Արդեօք Շուէտի եւ Ֆինլանտայի ժողովուրդները ատոր կը ձգտի՞ն», ըսած է Զախարովա:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Բանակի Սպայակոյտի Պետը Այցելած Է Քարվաճառ

Յաջորդը

Թենիս. «Ռոլան Կարոս»-ի Ընդհանուր Մրցանակային Հիմնադրամը` 43,6 Միլիոն Եւրօ

RelatedPosts

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ  Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը
Միջազգային

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

November 10, 2026
Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ»  Հասնելէն Կը Զգուշացնէ
Միջազգային

Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ» Հասնելէն Կը Զգուշացնէ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.