Ռուս-ուքրանական բանակցութիւնները չեն շարունակուիր. Ուքրանիան փաստացիօրէն դուրս եկած է բանակցային հոլովոյթէն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Ռուտենքօ:
Անոր համաձայն, Մոսկուան Քիեւէն պատասխան չէ ստացած ռուսական կողմի առաջարկած համաձայնագիրի նախագիծին վերաբերեալ:
Երէկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտնած է, որ ռուս-ուքրանական բանակցութիւններուն մէջ Միացեալ Նահանգներն ու Բրիտանիան կը կառավարեն Քիեւը: Նախարարին համաձայն, Մոսկուան ատիկա հաստատող տուեալներ ունի:
Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւններու վերջին դէմ առ դէմ հանդիպումը տեղի ունեցած է մարտի վերջաւորութեան, Պոլսոյ մէջ: Բանակցութիւններու հերթական փուլին հիմամբ ռուսական պատուիրակութեան ղեկավար, Ռուսիոյ նախագահի օգնական Վլատիմիր Մետինսքի ըսած էր, որ Ռուսիան Ուքրանիայէն ստացած է գրաւոր առաջարկներ, որոնք կը հաստատեն չէզոք եւ ոչ հիւլէական կարգավիճակի իր ցանկութիւնը:
Սակայն ապրիլին Լաւրով ըսած էր, որ Ուքրանիան ներկայացուցած է Ռուսիոյ հետ համաձայնագիրի նախագիծ մը, որ կը շեղի Պոլսոյ հանդիպման կէտերէն: Այսպիսով, նախապէս ուքրանական կողմը պարտաւորուած էր, որ անվտանգութեան երաշխիքները պիտի չտարածուին Խրիմի վրայ, սակայն համաձայնագիրի նոր տարբերակին մէջ այդ կէտը կը բացակայի:


