Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան ու արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Ժաւատ Քարիմի Քատուսի յայտարարեց. «Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան մօտ օրէն Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ իր սէուտցի պաշտօնակից Ֆայսալ պըն Ֆարհանի հետ»:
Ան իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ նախնական համաձայնութիւններ գոյացան»` շեշտելով. «Մօտիկ ապագային Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ ժողով պիտի գումարուի»:
«Այդ ժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին երկկողմանի հարցեր, դեսպանատուներու բացումը, ինչպէս նաեւ շրջանային հարցեր, մասնաւորաբար եմէնեան տագնապը», նշեց Քատուսի:


