Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուրուկուէյի Արտաքին Գործոց Նախարարը Չաւուշօղլուի Ձեռքի Շարժումի Հարցը Փակուած Կը Նկատէ

Մայիս 13, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսիսքօ Պուսթիլլօ ընդդիմութեան կողմէ հրաւիրուած է խորհրդարան` Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նիստի ընթացքին բացատրութիւններ տալու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի` հայերուն ուղղուած «Գորշ գայլեր»-ու ձեռքի շարժումի եւ Ուրուկուէյի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի բացատրութիւններուն վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Նիստէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Պուսթիլլօ ըսած է, որ հարցը փակուած կը նկատուի` աւելցնելով. «Այդ անսպասելի ձեռքի շարժումէն ետք մենք անմիջապէս Թուրքիոյ դեսպանը նախարարութիւն կանչեցինք, եւ այդ մեր քայլը դիւանագիտական կանոններով ինքնին բողոք եւ դժգոհութիւն կը պարունակէ»:

Նախարարը անգամ մը եւս շեշտած է, որ Ուրուկուէյը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ունի այս առնչութեամբ պետական քաղաքականութիւն` կիսելով հայերու ցաւը, ուստի այդ մեծ ցաւին համար որեւէ բացատրութիւն չկայ:

Ընդդիմադիր «Լայն ճակատ» կուսակցութեան անդամ ծերակուտական Լիլիամ Քէշիշեանը թէեւ կարեւոր նկատեց գործադիր իշխանութեան արագ պատասխանը, սակայն միեւնոյն ժամանակ նշեց, թէ նախընտրելի պիտի ըլլար, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յատուկ ու հզօր յայտարարութեամբ անդրադառնար Թուրքիոյ դեսպանի բացատրութիւններուն եւ միջադէպին: Ըստ անոր, զարմանալիօրէն, դեսպանը ըսած է, թէ ձեռքի այդ շարժումը կապ ունի «թրքական հպարտութեան» հետ եւ ոչ թէ «Գորշ գայլեր»-ուն

 

 

Նախորդը

«Ռուսիան Ուքրանիոյ Մէջ Իր Պատերազմով Եւ Չինաստանի Հետ Իր Դաշնակցութեամբ Համաշխարհային Համակարգին Մեծագոյն Սպառնալիքն Է» Կ՛ըսէ Վոն Տեր Լեյեն

Յաջորդը

«Նման Տագնապը Միշտ Ալ Լիակատար Հիւլէական Պատերազմի Վերածուելու Վտանգ Ունի» Կ՛ըսէ Մետվետեւ

RelatedPosts

«Մենք Մեր Սահմաններուն Վրայ Իսրայէլի  Ներկայութիւնը Պիտի Չհանդուրժենք»  Կ՛ըսէ Յեղափոխական Պահակագունդը
Միջազգային

«Մենք Մեր Սահմաններուն Վրայ Իսրայէլի Ներկայութիւնը Պիտի Չհանդուրժենք» Կ՛ըսէ Յեղափոխական Պահակագունդը

Մայիս 24, 2022
«Իրան Բարձրաստիճան Սպայի  Սպանութեան Վրէժը Պիտի Լուծէ»  Կ՛ըսէ Ռայիսի
Միջազգային

«Իրան Բարձրաստիճան Սպայի Սպանութեան Վրէժը Պիտի Լուծէ» Կ՛ըսէ Ռայիսի

Մայիս 24, 2022
Ռուսիոյ Մէջ Յայտնած Են, Որ Ազովի Ծովուն Կարգավիճակը Այլեւս Փոխուած Է
Միջազգային

Ռուսիոյ Մէջ Յայտնած Են, Որ Ազովի Ծովուն Կարգավիճակը Այլեւս Փոխուած Է

Մայիս 24, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In