Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի Ընդլայնման Դէմ Չէ, Մենք Ահաբեկիչներու Աջակցող Պետութիւններուն Դէմ Ենք» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Մայիս 17, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան դէմ չէ Հիւսիսատլանտեան դաշինքի ընդլայնման, սակայն դէմ է ահաբեկիչներուն աջակցող երկիրներուն:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու` Պերլինի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

«Մենք առեւտուր չենք ըներ, ասիկա քաղաքական առեւտուրի տարր չէ: Մենք յստակ դիրքորոշում ունինք, այն է, որ Ֆինլանտան ու Շուէտը պէտք է ամբողջութեամբ դադրեցնեն ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութիւնը եւ չեղեալ յայտարարեն դէպի Թուրքիա պաշտպանական արդիւնաբերութեան համար անհրաժեշտ ապրանքներու մատակարարման արգելքը: Թուրքիան դէմ չէ ՕԹԱՆ-ի ընդլայնման, մենք ահաբեկիչներուն աջակցող պետութիւններուն դէմ ենք», ըսած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:

Շուէտ Եւ Ֆինլանտա Մերժած Են 19 Անձեր Արտայանձնել Թուրքիոյ

Շուէտ եւ Ֆինլանտա մերժած են Թուրքիոյ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ առնչութեան մէջ կասկածուող 19 անձերու արտայանձնման պահանջը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ «Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր» պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութենէն` տեղեկացնելով, որ այս պահուն կը քննարկուին Սթոքհոլմին եւ Հելսինքիին ներկայացուած արտայանձնման յաւելեալ 9 դիմումներ:

Նախարարութեան համաձայն, արտայանձնման ենթակայ անձեր առնչութիւն ունէին կա՛մ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ), կամ ալ Փենսիլվանիայի մէջ բնակող իսլամական քարոզիչ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի ստեղծած ցանցին հետ: Երկուքն ալ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական կառոյցներ ճանչցուած են:

Անգարան սկանտինաւեան երկիրներու տարածքին մէջ ահաբեկչական կառոյցներու գործունէութիւնն ալ կ՛որակէ իբրեւ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան իր ընդդիմանալուն հիմնական պատճառ:

Եւրոպան Թուրքիոյ Կը Սպառնայ Մեկուսացումով

Եւրոպական խորհրդարանի մեծագոյն խորհրդարանական խումբի` Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Մանֆրետ Վեպեր սպառնացած է Թուրքիան մեկուսացնել ՕԹԱՆ-էն, եթէ Թուրքիան արգելակէ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը, սակայն, ըսած է, որ ռազմական դաշինքը վստահ է, որ պիտի կարենայ յաղթահարել թրքական ընդդիմութիւնը եւ արագ ընդունիլ Ֆինլանտան եւ Շուէտը:

Ուաշինկթըն Մտադիր Է Մինչեւ Աշուն Վաւերացնել Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ–ի Անդամակցութիւնը

Միացեալ Նահանգներ մտադիր են մինչեւ աշուն վաւերացնել Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է քոնկրեսական Միչ Մակքանըլը` Հելսինքիի մէջ Ֆինլանտայի նախագահ Սաուլի Նինիսթոյի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

«Մենք մտադիր ենք դառնալ առաջին երկիրը, որ կը վաւերացնէ այդ փաստաթուղթը (Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին դիմումը): Ի հարկէ, կրնայ պատահիլ այնպէս, որ ՕԹԱՆ-ի երկիրներէն մէկը այդ հարցին մէջ մեզմէ առաջ երթայ… Մենք մտադիր ենք որքան կարելի է շուտ ընել այդ, եւ ցանկալի է մինչեւ աշուն», նշած է Մակքանըլ:

Անոր համաձայն, «Գոյութիւն ունի Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան ուժեղ երկկուսակցական աջակցութիւն:

Ան նաեւ նշած է, որ Հիւսիսատլանտեան դաշինքին Ֆինլանտայի եւ Շուէտի անդամակցութիւնը «ամէն ձեւով կ՛ամրապնդեն» դաշինքը:

Տարբեր գնահատումներով` Ֆինլանտայի եւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան դիմումներու վաւերացման հոլովոյթը կրնայ տեւել մինչեւ մէկ տարի:

15 մայիսին Շուէտը կառավարող Ընկերվար- ժողովրդավարական կուսակցութիւնը յայտարարած է ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան դիմում ներկայացնելու որոշումը, ատոր հետ միատեղ նշելով, որ իր դիմումին հաւանութիւն տալու պարագային Շուէտը դէմ պիտի ըլլայ իր տարածքին մէջ հիւլէական զէնքի եւ ռազմակայաններու տեղակայման:

Շուէտի վարչապետ Մակտալենա Անտերսոն ըսած է, որ ՕԹԱՆ-ին անդամակցութիւնը դրականօրէն պիտի անդրադառնայ երկրի եւ շուէտացի ժողովուրդի անվտանգութեան վրայ: 15 մայիսին Ֆինլանտան եւս պաշտօնապէս որոշած է անդամակցիլ Հիւսիսատլանտեան դաշինքին:

Լրատուամիջոցներուն տուեալներով, Շուէտի կառավարութիւնը արդէն ՕԹԱՆ-ին նամակ-դիմում պատրաստած է եւ կը ծրագրէ զայն ուղարկել Ֆինլանտայի հետ միաժամանակ:

 

 

 

Նախորդը

«Պատրաստ Ենք ՀԱՊԿ-ի Պատասխանատուութեան Գօտիին Մէջ Ապահովելու Սահմաններու Անվտանգութիւնը» Յայտարարեցին ՀԱՊԿ-ի Ղեկավարները

Յաջորդը

«Ղազախական Ճգնաժամի Ընթացքին ՀԱՊԿ-ն Շատ Աւելի Միասնական Էր» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

RelatedPosts

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարներու.  Հաւանականութիւնը Շատ Մեծ Է, Որ Թրամփ  Այս Շաբաթավերջին Կազայի Խնդիրին  Համապարփակ Լուծում Մը Յայտարարէ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարներու. Հաւանականութիւնը Շատ Մեծ Է, Որ Թրամփ Այս Շաբաթավերջին Կազայի Խնդիրին Համապարփակ Լուծում Մը Յայտարարէ

Մայիս 10, 2025
Թրամփ Կոչ Կ՛ուղղէ Հաստատելու Ռուսիոյ  Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Առանց Նախապայմաններու  Զինադադար Մը, Որ Պէտք Է Խաղաղութեան  Համաձայնութեան Յանգեցնէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կոչ Կ՛ուղղէ Հաստատելու Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Առանց Նախապայմաններու Զինադադար Մը, Որ Պէտք Է Խաղաղութեան Համաձայնութեան Յանգեցնէ

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?