Մարիուփոլի «Ազովսթալ» գործարանի տարածքէն յանձնուած է աւելի քան 250 ուքրանացի զինուոր, ներառեալ 51 վիրաւոր: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, երէկ յայտնած են Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան տարածքային պաշտպանութեան սպայակոյտէն:
«Ընդհանուր առմամբ Մարիուփոլի «Ազովսթալ» մետաղագործական գործարանի տարածքէն 256 ուքրանացի զինեալ յանձնուած է, գերիներու շարքին վիրաւորներուն թիւը 51 է», կը նշուի սպայակոյտի թելեկրամեան ալիքին մէջ:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախապէս յայտնած էր, որ երկուշաբթի համաձայնութիւն գոյացած է «Ազովսթալ»-ի տարածքին մէջ պաշարուած ուքրանացի զինուորներու ներկայացուցիչներու հետ` ուքրանացի վիրաւոր զինուորները գործարանէն դուրս բերելու վերաբերեալ: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ նշած է, որ ձեռնարկութեան տարածքին մէջ լռութեան դրութիւն հաստատուած է եւ բացուած է մարդասիրական միջանցք, որով վիրաւոր ուքրանացի զինուորները կը տեղափոխեն Նովոազովսքի բժշկական հաստատութիւն:
Ուքրանական կողմը յայտնած է, որ 16 մայիսին 53 ծանր վիրաւոր ուքրանացի զինուորներ «Ազովսթալ»-էն դուրս բերուած են Տոնեցքի ժողովրդական հանրապետութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածք` Նովոազովսք, իսկ 211 ուքրանացի զինուորներ մարդասիրական միջանցքով տեղափոխուած են նոյն հանրապետութեան տարածք եղող Ելենովքա:
21 ապրիլին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ հանդիպման ժամանակ հրամայած է չեղեալ նկատել «Ազովսթալ»-ի վրայ յարձակումը` զինուորներուն յանձնարարելով այնպէս պաշարել տուեալ արդիւնաբերական գօտին, որ նոյնիսկ «ճանճը չկարենայ անցնիլ»:


