Մոսկուան եւ Թիֆլիսը քննարկած են Հարաւային Օսեթիոյ հանրապետութեան` Ռուսիոյ միանալու հանրաքուէի հարցը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին ռուսական լրատուամիջոցներուն յայտնած է Ռուսիոյ խորհրդարանի վերին պալատի` Դաշնակցային խորհուրդի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Կրիկորի Քարասին:
Ռուս պաշտօնատարը, սակայն, չէ յստակացուցած, թէ այս նիւթը որո՛ւ հետ եւ ի՛նչ ձեւաչափով քննարկած է:
Հարաւային Օսեթիոյ գործող ղեկավար Անաթոլի Պիպիլով Ռուսիոյ միանալու հարցով հանրաքուէ նշանակած է 17 յուլիսին:
Մինչ այդ, Պիպիլով անցեալ օրերուն նախագահական ընտրութեան 2-րդ փուլին պարտուած է ընդդիմադիր Ալան Կակալոյէէն, որ, իր կարգին կը պնդէ. «Հանրաքուէն պէտք է տեղի ունենայ այն ժամանակ, երբ Մոսկուան հասկցնէ, որ ատոր ժամանակը եկած է»:


