Թրքական «Թիւրքիէ» օրաթերթը նշեց. «Անգարան Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան վերաբերեալ իր դիրքորոշումը կրնայ վերատեսութեան ենթարկել, եթէ անոնք ընդառաջեն Թուրքիոյ կողմէ 5 պայմաններու»:
Օրաթերթը նշեց, որ Թուրքիան յառաջիկայ երկուշաբթի օր Անգարա այցելել ծրագրող շուէտացի եւ ֆինլանտացի դիւանագէտներուն համար պատրաստած է այսպէս կոչուած «Սկանտինաւեան թղթածրար»-ը, որ կը ներառէ 5 կէտեր, որոնք կը վերաբերին Շուէտի եւ Ֆինլանտայի կողմէ «ահաբեկչութեան աջակցութեան», Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) եւ Ֆեթհուլլա Կիւլենի շարժումի պատասխանատուներու Թուրքիոյ արտայանձնման, երկու կազմակերպութիւններու անդամներու եւ կառոյցներու իրենց հողերուն վրայ հիւրընկալման դադրեցումին եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն որակումին` Սուրիոյ մէջ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն, զորս Թուրքիան ՔԱԿ-ի մէկ թեւը կը նկատէ:
Օրաթերթը կը նշէ, որ կը նախատեսուի, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Էօնալ ընդունի շուէտացի եւ ֆինլանտացի դիւանագէտները:
«Թիւրքիէ» հաղորդեց, որ Անգարան «ոչ թէ խոստումներ, այլ երաշխիքներ» պիտի պահանջէ` աւելցնելով, որ դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն, այս 5 կէտերուն վերաբերեալ որեւէ զիջում պիտի չկատարուի:
Թրքական օրաթերթը կը նշէ, որ Անգարան կրնայ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան վերաբերեալ իր դիրքորոշումը կրնայ վերատեսութեան ենթարկել, եթէ իր պահանջները բաւարարուին:


