Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ, Թուրքիոյ եւ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերով հաղորդակցութեան խումբի նիստը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օրերուն: «Նիուզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին Ուաշինկթընի մէջ յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:
«Գոյութիւն ունի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի առաջարկած` մարդասիրական հարցերու հաղորդակցութեան խումբ, որուն մաս կը կազմեն ՄԱԿ-ը, Թուրքիան, Ռուսիան եւ Ուքրանիան: Մենք յառաջիկայ օրերուն կը նախատեսենք թեքնիք մակարդակով նիստ գումարել», յայտնած է Չաւուշօղլու:


