Ֆինլանտայի վարչապետ Սաննա Մարին ըսած է, որ ՕԹԱՆ-ին անդամակցելէ ետք օրակարգի վրայ երկրին մէջ ռազմակայաններու կամ հիւլէական զէնքի տեղակայման հարց չկայ:
«Այս նիւթը չի քննարկուիր, եւ ամէն ինչ կախեալ է մեր ազգային որոշումներէն, ոչ ոք մեզի ռազմակայաններ կամ հիւլէական զէնք պիտի չպարտադրէ, եթէ մենք ատիկա չուզենք: Եւ ես չեմ կարծեր, որ ՕԹԱՆ-ը շահագրգռուած է Ֆինլանտայի մէջ հիւլէական զէնք տեղակայելով կամ ռազմակայաններ բանալով», ըսած է վարչապետը իտալական «Քորրիերէ տելլա Սերա» օրաթերթին մէջ հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ:
Միեւնոյն ժամանակ ան յոյս ունի, որ իր երկիրը պիտի պահպանէ միջազգային հոլովոյթներուն մէջ միջնորդի կարգավիճակը, որով առանձնացած է չէզոքութիւն պահպանելով: «ՕԹԱՆ-ին անդամակցիլը խաղաղութեան արարք է, ոչ թէ պատերազմի յայտարարութիւն», ըսած է Մարին:
Վարչապետը վստահութիւն յայտնած է, որ պէտք է երկխօսութիւն վարել Թուրքիոյ հետ, որ տակաւին չէ աջակցած ՕԹԱՆ-ի կազմին մէջ նոր անդամներու ընդունման:
Նշենք, որ մէկ օր առաջ ՕԹԱՆ-ի մէջ Ֆինլանտայի եւ Շուէտի դեսպանները դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկին պաշտօնապէս ներկայացուցած են իրենց երկիրներու` ՕԹԱՆ-ին միանալու դիմումները: Սթոլթենպերկ ատիկա «պատմական քայլ» որակած է: