Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպառնալով Թայուանը Պաշտպանելու Համար Զինուորական Ուժ Կիրարկել` Պայտըն Ասիոյ Եւ Խաղաղական Ովկիանոսի Շրջանին Մէջ 13 Երկիրներու Մասնակցութեամբ Տնտեսական Նոր Գործընկերութիւն Մը Յայտարարեց

May 24, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ պիտի օգնեն Թայուանին չինական ներխուժումէն պաշտպանելու»` շեշտելով. «Չինաստանը Թայուանի հարցով կրակի հետ կը խաղայ»:

Պատասխանելով ամերիկեան լրատուամիջոցներու այն հարցումին, թէ արդեօք Թայուանի դէմ չինական լայնածաւալ յարձակումի պարագային Ուաշինկթըն, ի տարբերութիւն ուքրանական դէպքերուն, այլ մօտեցում պիտի որդեգրէ՞, Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց. «Այո: Մենք ստանձնած պարտաւորութիւն ունինք: Կացութիւնը հետեւեալն է` մենք համաձայնած ենք «Մէկ Չինաստան»-ի քաղաքականութեան, մենք հաւատարիմ ենք ատոր, եւ բոլոր համաձայնութիւնները ձեռք բերուած են ճիշդ այդ քաղաքականութեան ծիրին մէջ: Սակայն այն գաղափարը, որ Թայուանը կարելի է ուժով գրաւել, պարզապէս անպատեհ է: Նման քայլ պիտի ապակայունացնէ ամբողջ շրջանը եւ շատ պիտի նմանի այն բոլորին, ինչ որ կատարուեցաւ Ուքրանիոյ մէջ»:

Պայտըն Թոքիոյի մէջ նաեւ յայտարարեց Ասիոյ եւ Խաղաղական ովկիանոսի շրջանին մէջ հաստատումը տնտեսական նոր գործընկերութեան մը, որուն մաս կը կազմեն 13 երկիրներ, ներառեալ Միացեալ Նահանգներն ու Ճափոնը, սակայն ոչ Չինաստանը, որ այդ գործընկերութեան նկատմամբ կասկածներ ունի:

«Հնդկաց եւ Խաղաղական ովկիանոսներու շրջանի տնտեսական շրջագիծ»-ը ազատ առեւտուրի համաձայնութիւն չի նկատուիր, սակայն կը ներառէ անդամ երկիրներուն միջեւ յաւելեալ իրար ամբողջացումը չորս գլխաւոր ոլորտներու մէջ, որոնք են` թուայնացած տնտեսութիւնը, մատակարարման շղթաները, մաքուր ուժանիւթի ենթակառոյցն ու փտածութեան դէմ պայքարը:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի յայտարարեց. «Անոնք, որոնք կը փորձեն որեւէ ոլորտի մէջ Չինաստանը մեկուսացնել, վերջաւորութեան իրենք զիրենք պիտի մեկուսացնեն»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ Պայտընին հակադարձելով ըսաւ. «Միացեալ Նահանգներուն կոչ կ՛ուղղենք` Թայուանի հարցին մասին խօսելու ատեն զգուշ ըլլալու»:

Նախորդը

Էրտողան Ֆինլանտայի Եւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Թուրքիոյ Համամտութեան Համար Գին Մը Կը Պահանջէ

Յաջորդը

Պելճիքան Դարձաւ Աշխարհի Վրայ Առաջին Երկիրը, Որ Կապիկի Ծաղիկով Վարակուածներուն Համար Պարտադիր Մեկուսացում Կը Հաստատէ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.