Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եւրոպան Պէտք Է Պատրաստուի Ռուսիայէն Կազի Մատակարարումներու Ամբողջական Դադրեցման» Կ՛ըսէ Ֆոն Տեր Լեյեն

July 26, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյեն զգուշացուցած է, որ Ռուսիայէն կազի մատակարարումներու նուազման պայմաններուն մէջ Եւրոպան պէտք է պատրաստուի անոնց ամբողջական դադրեցման, ինչ որ, անոր կարծիքով, «ուշ կամ կանուխ» տեղի պիտի ունենայ: Այդ մասին ան ըսած է «Տի.Փի.Էյ.» գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

«Ներկայիս Ռուսիան մասնակիօրէն կազ կը մատակարարէ կամ ընդհանրապէս կապոյտ վառելանիւթ չի մատակարարեր (Եւրոպական Միութեան) 12 անդամ երկիրներու», ըսած է ֆոն տեր Լեյեն` աւելցնելով. «Հետեւաբար, Եւրոպան պէտք է պատրաստ ըլլայ յոռեգոյն բեմագրութեան` կազի մատակարարումներու ամբողջական դադրեցման, ուշ կամ կանուխ»:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը միեւնոյն ժամանակ կոչ ուղղած է այն երկիրներուն, որոնք քիչ կախեալութիւն ունին ռուսական կազի մատակարարումներէն, նոյնպէս մասնակցելու ուժանիւթի խնայողութեան ջանքերուն: «Նոյնիսկ (Եւրոպական Միութեան) անդամ երկիրները, որոնք Ռուսիայէն գրեթէ կազ չեն ստանար, չեն կրնար խուսափիլ մեր ներքին շուկայի մատակարարումներուն հաւանական դադրեցման հետեւանքներէն», ըսած է ֆոն տեր Լեյեն:

Եւրոպական Միութեան տնտեսութիւնները, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահին համաձայն, սերտօրէն փոխկապակցուած են. կազի ճգնաժամը այս կամ այն ձեւով պիտի ազդէ բոլոր անդամ երկիրներուն վրայ:

 

Նախորդը

Ըստ Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան Ղեկավարին. Ազրպէյճանէն Կազի Մատակարարումները Պիտի Չլուծեն Եւրոպայի Ուժանիւթային Խնդիրները

Յաջորդը

Ռուսիոյ Դաշնակցային Անվտանգութեան Գրասենեակը Խափանած Է Ռուսական Օդանաւերու Առեւանգման` Ուքրանական Հետախուզութեան Գործողութիւնը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.