Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսուլի Մէջ Թրքական Հիւպատոսարանը Հրթիռակոծուած Է

July 28, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքեան ապահովական աղբիւր մը յայտարարած է, որ հիւսիսային Իրաքի Մուսուլ քաղաքին մէջ թրքական հիւպատոսարանին գտնուած շրջանը հրթիռակոծուած է: Ան նշած է, որ երկու հրթիռներ ինկած են հիւպատոսարանին մօտ, այդ պատճառով ալ անոր մօտ բնակող ընտանիքները հեռացած են շրջանէն: Այս մասին հաղորդեց «Նաշրա»-ն:

Մուսուլի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանը իր կարգին հաղորդած է. «Հիւպատոս Մոհամետ Քիւչիւքն ու հիւպատոսարանի անձնակազմը լաւ են, եւ անոնցմէ ոչ ոք վնասուեցաւ հրթիռակոծման ընթացքին, որ թիրախ դարձուց հիւպատոսարանի ու թաղի բնակելի յարկաբաժիններուն մերձակայքը»:

Ըստ նախնական տեղեկութիւններուն, հրթիռակոծումը կատարուած է Սատա Պաաուիզա եւ Արքուպ շրջանէն, որ կը գտնուի «Շապաք» աշխարհազօրի 30-րդ զօրամասի ապահովական վերահսկողութեան տակ:

Միւս կողմէ, իրաքեան ինքզինք «Սարայա Ապապիլ» կոչող զինուորական խմբաւորում մը ստանձնեց ականուած անօդաչու թռչող սարքով հիւսիսային Իրաքի մէջ թրքական ռազմակայանի հրթիռակոծումը:

Լրատուամիջոցներ սփռեցին «Սարայա Ապապիլ»-ի կողմէ տրամադրուած տեսերիզ մը, որուն մէջ զինեալ խմբաւորումը կը ստանձնէ երեքշաբթի օր թրքական «Սիրի» ռազմակայանն ու «Պարուխի» ճամբարի «Մուրատ 6» անօդաչու թռչող սարքով ռմբակոծումը:

«Սարայա Ապատիլ» խմբաւորումը տեսերիզին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ, որ թրքական ռազմակայանը ռմբակոծած է` հակադարձելով «Պարխ ամարանոցի ռմբակոծման եւ իրաքցի նահատակներու արձանագրման»:

Երեքշաբթի օր նաեւ հաղորդուած էր, որ Մուսուլի արեւելքը գտնուող թրքական բանակի «Զլիքան» ռազմակայանին դէմ «Կրատ» տիպի հրթիռ մը արձակուած է:

Նշենք, որ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հիւսէյն երեքշաբթի օր յայտնեց. «Թրքական բանակը Իրաքի հողերուն ու գերիշխանութեան դէմ յարձակում գործեց»` շեշտելով. «Թրքական բանակի թշնամական վարմունքը կրնայ հարցերը դէպի անկանխատեսելի զարգացում մղել»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտնեց. «Իրաք չի կրնար ահաբեկիչները իր հողերէն վտարել, ուստի մենք այդ մէկը կ՛ընենք»` նշելով. «Կը յարգենք իրաքեան հողերու ամբողջականութիւնը»:

«Իրաքեան կառավարութիւնը չի կրնար ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ ազդու պայքար կառավարել. այդ է մեր դէմ կատարուող սադրանքներուն պատճառը», ըսաւ Չաւուշօղլու:

«Ահաբեկչական կազմակերպութիւնները տակաւին Իրաք կը գտնուին, ՏԱՀԵՇ-ը կը տիրէ երկրին մէկ մասին, եւ մեր աջակցութեամբ այլեւս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ուժեղ չէ», յայտնեց թրքական դիւանագիտութեան պետը:

 

Նախորդը

Ակնարկ. Անգարան Պաշտօնապէս Յայտարարեց Իր Կարմիր Գիծը

Յաջորդը

Անգարան Կը Կարծէ, Որ Մոսկուան Պիտի Կատարէ Պոլսոյ Համաձայնագիրի Պայմանները

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.