Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսական Ուժերը Հրթիռային Հարուածներ Հասցուցած Են Օտեսայի Նաւահանգիստին

Յուլիս 25, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը կը յայտնեն, որ ռուսական բանակը «Քալիպըր» տեսակի թեւաւոր հրթիռներով յարձակում գործած է Օտեսայի առեւտրական նաւահանգիստին վրայ, երկու հրթիռ վնասազերծուած է հակաօդային պաշտպանութեան ուժերուն կողմէ, իսկ երկուքն ալ հարուածած են նաւահանգիստի ենթակառոյցը:

Ըստ ուքրանական կողմին, ռուսական ուժերը նման գործողութիւններ կատարած են ուքրանական նաւահանգիստէն հացահատիկի արտածումները վերսկսելու հարցով Պոլսոյ մէջ Քիեւի եւ Մոսկուայի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրէն մէկ օր ետք:

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ կը յայտնէ, որ Ռուսիան Օտեսայի նաւահանգիստը հարուածելով «կը թքէ» համաձայնութեան միջնորդ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութտերեսի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի երեսին:

«Ռուսիայէն 24 ժամէն ալ քիչ պահանջուեցաւ Օտեսա քաղաքին վրայ հրթիռային յարձակում կատարելու համար, որպէսզի կասկածի տակ դնէ մէկ օր առաջ Պոլսոյ մէջ ստորագրուած համաձայնագիրն ու ՄԱԿ-ի եւ Թուրքիոյ խոստումները», յայտարարած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Օտեսայի նաւահանգիստին վրայ կատարուած հրթիռային յարձակումէն ետք Ռուսիան մեղադրեց «բարբարոսութեան» յանցանքով: Ան ըսաւ, որ հրթիռային հարուածը ցոյց կու տայ, որ գործարքին հաւատարիմ մնալու հարցին մէջ Մոսկուային կարելի չէ վստահիլ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, արձագանգելով այդ առնչութեամբ տարածուած լուրին, ընկերային ցանցի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Քալիպըր» հրթիռներ քանդեցին Օտեսայի նաւահանգիստին մէջ գտնուող զինուորական ենթակառոյցներէն մէկը, ինչպէս նաեւ բարձր ճշգրտութեամբ հարուածեցին զինուորական նաւակ մը»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Գահիրէի մէջ եգիպտացի իր պաշտօնակից Սամեհ Շուքրիի հետ տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յոյս յայտնեց, որ Պոլսոյ մէջ ստորագրուած հացահատիկի արտածման վերաբերեալ համաձայնութիւնը յաջողի` նշելով. «Սեւ Ծովէն ականները վերցնելը Ուքրանիայէն հացահատիկներու արտածման յաջողութեան ազդակներէն մէկն է»:

«ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարէն կը սպասենք, որ յարգէ ռուսական հացահատիկի արտածման վերաբերեալ իր ստանձնած յանձնառութիւնները», շեշտեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

«Մոսկուան պատժամիջոցները ջնջել չի պահանջեր, սակայն ինչ կը վերաբերի սննդեղէնի հարցին, ապա Արեւմուտքը պէտք է վերջ տայ իր իսկ ստեղծած խնդիրներուն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Արեւմտեան երկիրները չեն արտօներ ռուսական նաւերուն օտարերկրեայ նաւահանգիստներ մուտքը, եւ ատիկա սննդեղէնի տագնապի գոյութեան մէջ դեր կը խաղայ»:

«Գնդակը այժմ Զելենսքիի վարչակարգին դաշտն է` ընտրելու բանակցութեան եւ ուքրանացի ժողովուրդին ի շահ չեղող զինուորական գործողութիւնը շարունակելու միջեւ», յայտնեց Լաւրով:

Միւս կողմէ, Զելենսքի «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ հետ զինադադարը, առանց կորսուած տարածքներու վերադարձին, միայն պիտի երկարաձգէ պատերազմը:

Ան համոզում յայտնած է, որ զինադադարը Ռուսիոյ պիտի արտօնէ պահել ուքրանական տարածքները` կարելիութիւն տալով Մոսկուային ամբողջացնելու պահեստները եւ վերազինուելու յաջորդ փուլին համար:

«Հանրութիւնը կը կարծէ, որ նախ պէտք է ազատագրուին բոլոր տարածքները, իսկ ետքը մենք կրնանք համաձայնիլ այն բանի շուրջ, թէ ի՛նչ կրնանք ընել եւ ինչպէ՛ս կրնանք ապրիլ յառաջիկայ դարուն», նշած է Զելենսքի:

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը մէջբերէ իր պատուէրով Ուքրանիոյ մէջ կատարուած հարցախոյզին արդիւնքները, որուն համաձայն, հարցախոյզի մասնակիցներուն 89 առ հարիւրը դէմ արտայայտուած է խաղաղութեան համաձայնագիրին, որ երկրի տարածքներու զիջում պիտի պահանջէ:

Նախորդը

«Պաղտատի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Եւ Իրանի Միջեւ Ոչ Դռնփակ Մօտալուտ Հանդիպումի Մը Նախապատրաստական Աշխատանքը Կը Տարուի» Կ՛ըսէ Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Յաջորդը

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը Կապիկի Ծաղիկի Համաճարակի Բռնկումը Հանրային Առողջութեան Արտակարգ Իրավիճակ Կը Յայտարարէ

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?