Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան Ղեկավարին. Ազրպէյճանէն Կազի Մատակարարումները Պիտի Չլուծեն Եւրոպայի Ուժանիւթային Խնդիրները

July 26, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազի մատակարարումները այնպիսի երկիրներէն, ինչպիսիք են Նորվեկիան կամ Ազրպէյճանը, բաւարար չեն` եւրոպական երկիրներուն մէջ ուժանիւթային խնդիրները լուծելու համար: Այս մասին «Ֆորէյն Փոլիսի»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ղեկավար Ֆաթիհ Պիրոլ:

Ան նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը այս ձմեռ լուրջ դժուարութիւններ պիտի ունենայ, եթէ առնուազն 15 առ հարիւրով չկրճատէ կազի սպառումը:

«Եթէ նոյնիսկ ռուսական կազի առաւելագոյն ծաւալին մէկ մասը «Հիւսիսային հոսք»-ին ճամբով գայ Եւրոպա, մենք ստիպուած պիտի ըլլանք նուազեցնել սպառումը: Չենք կրնար ուժանիւթային խնդիրները լուծել` Եւրոպայի մէջ չկրճատելով կազի սպառումը: Այլ երկիրներէ` ըլլայ այդ Նորվեկիայէն կամ Ազրպէյճանէն լրացուցիչ մատակարարումները բաւարար չեն», ընդգծած է ան:

Յիշեցնենք, որ ուրբաթ, 22 յուլիսին Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յանձնախումբի նախագահ Տէյվիտ Մքալիսթըր` Երեւանի մէջ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Եւրոպական խորհուրդը Պաքուի հետ ուժանիւթային համաձայնագիր կնքեց, ըսաւ.

«Մենք ստիպուած ենք արագօրէն նուազեցնել Ռուսիայէն կազի ներածումները, որովհետեւ կ՛ուզենք նուազ կախեալ ըլլալ ռուսական կազէն, աւելի քիչ վճարել, որովհետեւ եթէ զայն Ռուսիայէն գնենք, ապա անուղղակիօրէն կը ֆինանսաւորենք Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմը»:

 

Նախորդը

«Առաւելագոյն Ջանք Պիտի Թափենք Ռուսիոյ Կարելի Եղածին Չափ Շատ Վնաս Հասցնելու» Կ՛ըսէ Զելենսքի

Յաջորդը

«Եւրոպան Պէտք Է Պատրաստուի Ռուսիայէն Կազի Մատակարարումներու Ամբողջական Դադրեցման» Կ՛ըսէ Ֆոն Տեր Լեյեն

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.