Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիոյ` Իր Արաբական Շրջապատին Հետ Յարաբերութիւններուն Վերաբերեալ Մթնոլորտը Շատ Դրական Է» Կ՛ըսէ Ալճերիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

July 26, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Ռամթան Ամամիրա Դամասկոսի մէջ իր սուրիացի պաշտօնակից Ֆայսալ Մըքտատի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Ալճերիան ու Սուրիան հասարակաց պատմական փառքեր ու հերոսապատումներ ունին, եւ ներկայ պայմանները Սուրիոյ ու Ալճերիոյ ղեկավարութիւններուն միջեւ խորհրդակցութեան ամրագրում կը պահանջեն»:

«Ալճերիոյ նախագահ Ապտելմաժիտ Թիպունի կողմէ գրաւոր պատգամ մը փոխանցեցի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին, որ ինծի յանձնեց պատասխան նամակ մը: Համաձայնութիւն գոյացուցինք սուրիացի եւ ալճերիացի գործարարները քաջալերելու` տնտեսական յարաբերութիւնները խորացնելու համար», ըսաւ Ամամիրա:

«Սուրիան մեր սրտերուն մէջ մեծ տեղ ունի, եւ Սուրիոյ` իր արաբական շրջապատին հետ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ մթնոլորտը շատ դրական է», ըսաւ ալճերիական դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Սուրիոյ եւ Ալճերիոյ միջեւ համակարգումի փուլը այսօր շատ կարեւոր է, եւ կը յուսանք, որ արաբական վէրքերը կարելի եղածին չափ շուտ կը սպիանան, եւ մեր գլխաւոր մտահոգութիւնը արաբ ժողովուրդի շահն է»:

«Սուրիոյ` Արաբական լիկայէն բացակայութիւնը կը վնասէ արաբական միացեալ աշխատանքին», ըսաւ Ամամիրա:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ իր կարգին յայտնեց, որ «Սուրիական-ալճերիական յարաբերութիւնները պատմութեան մէջ արմատացած են»` նշելով. «Ալճերիան տագնապի տարիներուն ընթացքին կանգնեցաւ սուրիացի ժողովուրդի կողքին եւ դատապարտեց Սուրիոյ դէմ հաստատուած արեւմտեան պատժամիջոցները»:

«Սուրիոյ գլխաւոր հետաքրքրութիւնը արաբական միասնականութիւնը ամրապնդելն ու հասարակաց մարտահրաւէրներուն դիմաց մեր խօսքը միացնելն է», ըսաւ սուրիական դիւանագիտութեան պետը:

Նշենք, որ Ամամիրա կիրակի օր Դամասկոս հասած էր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ:

Մըքտատ այս ամսուան ընթացքին այցելած էր Ալճերիա ու մասնակցած Ալճերիոյ անկախութեան 60-ամեակի նշման ձեռնարկներուն եւ հանդիպում ունեցած Ալճերիոյ նախագահին, արտաքին գործոց նախարարին ու այլ պաշտօնատարներու հետ: Օրին հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, երկու կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցած են ամրապնդելու երկխօսութիւնը` առ ի պատրաստութիւն թէ՛ երկու երկիրներուն միջեւ, թէ՛ ալ արաբական միացեալ աշխատանքին առնչուած յառաջիկայ մարտահրաւէրներուն:

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Դաշնակցային Անվտանգութեան Գրասենեակը Խափանած Է Ռուսական Օդանաւերու Առեւանգման` Ուքրանական Հետախուզութեան Գործողութիւնը

Յաջորդը

«Սուրիոյ Արաբական Լիկա Վերադարձի Թուականը Տակաւին Չէ Ճշդուած. Այդ Հարցը Արաբական Համաձայնութեան Կը Կարօտի» Կ՛ըսէ Զաքի

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.