Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիոյ` Օտեսայի Նաւահանգիստը Թիրախաւորելը Հացահատիկի Արտածման Համաձայնութեան Շուրջ Կասկածներ Կը Ստեղծէ» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

July 27, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ռուսական վերջին յարձակումը, որ թիրախ դարձուց ուքրանական Օտեսա նաւահանգիստը, Սեւ ծովուն ճամբով հացահատիկի արտածման համաձայնութեան շուրջ կասկածներ կը ստեղծէ», նշեց Սպիտակ տունը:

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբերը յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն միջազգային ընտանիքին հետ Ուքրանիոյ հացահատիկի ցամաքի ճամբով արտածումները աւելցնելու ընտրանքները սերտել»:

Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման գործակալութեան տնօրէն Սամանթա Փաուըր նախապէս յայտնած էր. «Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ հետ կ՛աշխատին Օտեսայի նաւահանգիստին վրայ ռուսական յարձակումէն ետք երկրէն հացահատիկները ցամաքի եւ երկաթուղիի ճամբով դուրս բերելու այլընտրանքային ծրագիրի մը վրայ»:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիան եւ Ուքրանիան անցեալ ուրբաթ օր ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջնորդութեամբ ամիսներ տեւած դժուար բանակցութիւններէ ետք, ուքրանական հացահատիկի Սեւ ծովու ճամբով արտածման շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացուցած էին: Ռուսական ուժերը մէկ օր ետք հրթիռներով հարուածած էին Օտեսայի նաւահանգիստը, ուր կը գտնուին հացահատիկներու գլխաւոր պահեստանոցները:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնած էր. «Օտեսայի նաւահանգիստի ռմբակոծումը ցոյց կու տայ, թէ Ռուսիան ուքրանական հացահատիկի արտածումը արգիլելու որեւէ միջոց կը փնտռէ»: Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին յայտնած էր. «Օտեսայի նաւահանգիստին դէմ ռուսական հարուածը թիրախաւորեց զինուորական ենթակառոյցը եւ չի կրնար հացահատիկի արտածման վրայ ազդել»:

Նախորդը

«Ռուսիան Եւ Իրանը Պէտք Է Սուրիոյ Հարցին Մէջ Իրենց Դիրքորոշումները Ճշդեն» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Եւ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Սուրիոյ Եւ Եգէականի Խնդիրները

RelatedPosts

Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ  Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Բանակը Իրանի Վերաբերեալ Շատ Ուժեղ Ընտրանքներ Կը Սերտէ»

January 13, 2026
Արաղչի. «Այն, Ինչ Որ Ներկայիս Տեղի Կ՛ունենայ,  Ցոյց Չէ, Այլ Երկրին Դէմ Ահաբեկչական Պատերազմ»
Միջազգային

Արաղչի. «Այն, Ինչ Որ Ներկայիս Տեղի Կ՛ունենայ, Ցոյց Չէ, Այլ Երկրին Դէմ Ահաբեկչական Պատերազմ»

January 13, 2026
«Կրինլանտը «Վճռական Պահու» Առջեւ Կանգնած Է,  Եւ Մենք Պատրաստ Ենք Մեր Արժէքները Պաշտպանելու»  Կ՛ըսէ Դանիոյ Վարչապետը
Միջազգային

«Կրինլանտը «Վճռական Պահու» Առջեւ Կանգնած Է, Եւ Մենք Պատրաստ Ենք Մեր Արժէքները Պաշտպանելու» Կ՛ըսէ Դանիոյ Վարչապետը

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.