Միջազգային

«Իրան Հիւլէական Համաձայնագիրին Առնչուած Առաջարկին Ողջամիտ Պատասխան Տուած Է»   Կ՛ըսէ Պորել

«Իրան Հիւլէական Համաձայնագիրին Առնչուած Առաջարկին Ողջամիտ Պատասխան Տուած Է» Կ՛ըսէ Պորել

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Ճոզեփ Պորել երէկ ըսած է, որ այս շաբաթ Միացեալ Նահանգներու կողմէ դրական պատասխան կ՛ակնկալէ Եւրոպական Միութեան առաջարկին, որ ուղղուած է 2015-ի Իրանի հիւլէական համաձայնագիրի` Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի փրկման: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Պորել նաեւ նշած է, որ Իրան ողջամիտ պատասխան տուած է առաջարկին, որ հետեւած է 16-ամսեայ դանդաղ, անուղղակի ամերիկա-իրանեան բանակցութիւններուն, որոնց...

Եւրոպական Միութեան Մէջ Այս Տարի Մրցանշային 700 Հազար Հեկտար Անտառ Այրած Է

Եւրոպական Միութեան Մէջ Այս Տարի Մրցանշային 700 Հազար Հեկտար Անտառ Այրած Է

Անտառային հրդեհները այս տարի մինչեւ հիմա Եւրոպական Միութեան մէջ մրցանշային 700 հազար հեկտար հրկիզած են, ինչ որ տուեալներու պահման սովորութեան սկիզբէն ի վեր մեծագոյնն է: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»-ը` աւելցնելով, որ 700.000 հեկտարը Լիւքսամպուրկի տարածքէն շուրջ երեք անգամ մեծ է կամ մօտաւորապէս Ազրպէյճանի չափ է: Եւրոպական անտառային հրդեհի տեղեկութեան համակարգի տուեալները ցոյց կու տան, որ ամէնէն շատ վնասուած շրջանը...

Ապպաս Այսօր Եռօրեայ Այցելութեամբ Կը Մեկնի Թուրքիա

Ապպաս Այսօր Եռօրեայ Այցելութեամբ Կը Մեկնի Թուրքիա

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս այսօր իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հրաւէրով պաշտօնական եռօրեայ այցելութեամբ կը մեկնի Անգարա: Այս մասին հաղորդեց պաղեստինեան ՈՒԱՖԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Թուրքիոյ մէջ Պաղեստինի դեսպան Ֆայետ Մուսթաֆան: Մուսթաֆա յայտնած է, որ երկու ղեկավարները պիտի քննարկեն փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր եւ թուրք-պաղեստինեան յարաբերութիւններու բարելաւման ուղիները, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի մէջ վերջին քաղաքական զարգացումները եւ շրջանային ու...

«Ռուսերը Կը Փորձեն Թուրքիան Օգտագործել` Միացեալ Նահանգներու Եւ Այլ Երկիրներու Հաստատած Պատժամիջոցները Շրջանցելու Համար» Կ՛ըսէ Ատեյեմօ

«Ռուսերը Կը Փորձեն Թուրքիան Օգտագործել` Միացեալ Նահանգներու Եւ Այլ Երկիրներու Հաստատած Պատժամիջոցները Շրջանցելու Համար» Կ՛ըսէ Ատեյեմօ

Ռուսերը կը փորձեն Թուրքիան օգտագործել Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժումէն ետք Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու կողմէ հաստատուած պատժամիջոցները շրջանցելու համար: Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի փոխնախարար Ուոլի Ատեյեմօ: Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի փոխնախարարը իր թուրք պաշտօնակից Եունուս Էլիթաշի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ընդգծած է ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհի ջանքերը` Ռուսիոյ դէմ նոր...

Մոսկուայի Մէջ Մահափորձ` Ալեքսանտր Տուկինի Դէմ. Անոր Դուստրը Տեղւոյն Վրայ Մահացած Է

Մոսկուայի Մէջ Մահափորձ` Ալեքսանտր Տուկինի Դէմ. Անոր Դուստրը Տեղւոյն Վրայ Մահացած Է

Մոսկուայի Մոժայսքոյէ խճուղիին վրայ շաբաթ գիշեր պայթեցուցած են ռուս հասարակական գործիչ, մտաւորական Ալեքսանտր Տուկինին պատկանող «Լանտ Քրուզըր» ինքնաշարժը, զոր կը վարէր անոր 30 տարեկան դուստրը` Տարիա Տուկինան: Ռուսական «Կազմեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ վերջինս տեղւոյն վրայ մահացած է: Քննչական կոմիտէին տուեալներով, ինքնաշարժին մէջ, ենթադրաբար, պայթուցիկ սարք մը գործարկուած է: Պայթումը տեղի ունեցած է, երբ ինքնաշարժը ընթացքին մէջ էր: Ենթադրաբար, ականը...

Այսօր Եգիպտոսի Մէջ Յորդանանի, Քաթարի, Իրաքի Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Միջեւ Վեհաժողո՞վ

Այսօր Եգիպտոսի Մէջ Յորդանանի, Քաթարի, Իրաքի Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Միջեւ Վեհաժողո՞վ

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը «Սփութնիք»-ին յայտնեց, որ Եգիպտոս այսօր իր, Իրաքի, Յորդանանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի ղեկավարներուն միջեւ եգիպտական Ալամէյն քաղաքին մէջ պիտի հիւրընկալէ վեհաժողով մը, որ բարձր մակարդակի պիտի ըլլայ եւ քննարկէ շրջանին մէջ տնտեսութեան, ուժանիւթի, քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան վերաբերող հարցեր: Եգիպտոսի նախագահական պալատը հաղորդեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ պըն Զայետ երէկ հասաւ Ալամէյն,...

«Շուէտն Ու Ֆինլանտան Թուրքիոյ Չեն Արտայանձնած Քիւրտ Ահաբեկիչները», Կ՛ըսէ Պոզտաղ

«Շուէտն Ու Ֆինլանտան Թուրքիոյ Չեն Արտայանձնած Քիւրտ Ահաբեկիչները», Կ՛ըսէ Պոզտաղ

Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ շաբաթ օր յայտարարած է, որ Շուէտն ու Ֆինլանտան տակաւին Անգարային չեն արտայանձնած ահաբեկչական գործունէութեան մեղսակից ոեւէ անձ, որուն արտայանձնումը կը պահանջէ թրքական կողմը: «Մինչեւ օրս Շուէտն ու Ֆինլանտան Թուրքիոյ ահաբեկչական գործունէութիւն կատարող ոեւէ անձ չեն արտայանձնած: Մենք թարմացուցած ենք արտայանձնման մեր դիմումները, որոնք նախապէս մերժուած են: Առայժմ անոնց ո՛չ դրական, ո՛չ ալ բացասական պատասխան կայ»,...

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Յայտարարած Է, Որ Ուքրանիան Թունաւոր Նիւթեր Օգտագործած Է Ռուս Զինուորներու Դէմ

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Յայտարարած Է, Որ Ուքրանիան Թունաւոր Նիւթեր Օգտագործած Է Ռուս Զինուորներու Դէմ

Ուքրանիան Զափորոժիէ մարզին մէջ ռուս զինուորներու դէմ թունաւոր նիւթեր օգտագործած է: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: «Տոնպասի եւ այլ մարզերու մէջ զինուորական պարտութիւններու լոյսին տակ Զելենսքիի վարչակարգը ռուս զինուորներու եւ քաղաքայիններու դէմ ահաբեկչական գործողութիւններ արտօնած է: 31 յուլիսին... Զափորոժիէի մարզի Վասիլիեւքա գիւղի տարածքին մէջ առաջադրանքներ կատարած ռուս զինուորները ծանր թունաւորման նախանշաններով տեղափոխուած են...

9 Օգոստոսի Պայթումներէն Ռուսիոյ Սեւծովեան Նաւատորմիղի Օդուժին Կէսը Անգործածելի Դարձած Է

9 Օգոստոսի Պայթումներէն Ռուսիոյ Սեւծովեան Նաւատորմիղի Օդուժին Կէսը Անգործածելի Դարձած Է

Սաքիի օդակայանին մէջ 9 օգոստոսին տեղի ունեցած մեծ պայթումները ոչնչացուցած կամ անգործածելի դարձուցած են Ռուսիոյ Սեւծովեան պատերազմական նաւատորմիղի օդուժի աւելի քան կէսը: Այս մասին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է Եւրոպայի քաղաքական շրջանակներէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը: Ան ըսած է, որ 9 օգոստոսէն ետք Ռուսիան լուրջ դժուարութիւններ պիտի ունենայ Խրիմի տարածքէն Ուքրանիոյ սեւծովեան քաղաքներուն, մասնաւորաբար Օտեսային սպառնալու: Այդ անանուն պաշտօնատարին համաձայն, «հարուածներ...

Ռուսիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը Անդրադարձած Է Արեւմուտքի` ԱՊՀ Երկիրներու Մէջ «Գունաւոր Յեղափոխութիւններ»` Կազմակերպելու Փորձերուն

Ռուսիոյ Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը Անդրադարձած Է Արեւմուտքի` ԱՊՀ Երկիրներու Մէջ «Գունաւոր Յեղափոխութիւններ»` Կազմակերպելու Փորձերուն

Այս տարի Ղազախստանի եւ Ուզպեքիստանի մէջ տեղի ունեցած արտառոց իրադարձութիւնները այնտեղ «գունաւոր յեղափոխութիւններ» կազմակերպելու Արեւմուտքի փորձերու հետեւանք էին: «Թերթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ: «Գունաւոր յեղափոխութիւնները կը շարունակեն մնալ այսպէս կոչուած ամերիկեան ոճի ժողովրդավարութեան խթանման հիմնական միջոցները: Արեւմտեան երկիրներու կողմէ մեր երկիրներուն մէջ զանոնք հրահրելու փորձերը կը նկատուին պարբերաբար: «Այդպէս կը գնահատենք,...

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի. Չինաստանի Նախագահը Խնդրանքով Դիմած Է Պայտընին, Սակայն Մերժում Ստացած

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի Թայուան կատարած վերջին զգայացունց այցելութենէն օրեր առաջ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընէն խնդրած է «գտնել Փելոսին այդ ուղեւորութենէն ետ պահելու ուղին», սակայն մերժուած է: Այս մասին կը գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը` վկայակոչելով Սպիտակ տան կացութեան ծանօթ պաշտօնատարները: Երկու ղեկավարներու 28 յուլիսի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, ըստ հրատարակութեան զրուցակիցներուն, Չինաստանի կողմէ Փելոսիի...

Չինաստանի Մէջ Տասնեակներ Վարակուած Են Նոր Ժահրով Մը

Չինաստանի Մէջ Տասնեակներ Վարակուած Են Նոր Ժահրով Մը

Գիտնականներ յայտնեցին, որ արեւելեան Չինաստանի մէջ տասնեակ մը անձեր վարակուած են կենդանական աշխարհի ծագում ունեցող ժահրով մը, զոր կոչած են «Լանկիա հենիփաժահր»: Անոնք, սակայն, ներկայ փուլին կը բացառեն ժահրի մարդոց միջեւ փոխանցման վտանգը: Վարակումները արձանագրուած են Շանտոնկ եւ Խնան գաւառներուն մէջ: Վարակուածներուն մեծամասնութիւնը հողագործներ են եւ իրարու հետ սերտ կապ չունեցող անձեր: Ժահրը առաջին անգամ յայտնաբերուած է 2018 թուականին: «Լանկիա»...

Փութին Պիտի Մեկնի Ինտոնեզիա` Մասնակցելու «Քսաններու Խմբակ»-ի Վեհաժողովին

Փութին Պիտի Մեկնի Ինտոնեզիա` Մասնակցելու «Քսաններու Խմբակ»-ի Վեհաժողովին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կը ծրագրէ մասնակցիլ նոյեմբերին Պալիի մէջ տեղի ունենալիք «Քսաններու խմբակ»-ի վեհաժողովին, «Պլումպըրկ»-ին յայտնած է Ինտոնեզիոյ ղեկավար Ճոքօ Վիտոտօ: «Նախագահ Փութինը ինծի ըսաւ, որ պիտի գայ», ըսած է Ինտոնեզիոյ ղեկավարը: Անոր համաձայն,  Ինտոնեզիա պիտի այցելէ նաեւ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինը: «Քսաններու խմբակ»-ի ղեկավարութեան վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ Պալիի մէջ 15-16-նոյեմբերին: Սկիզբը շարք մը արեւմտեան երկիրներ` նախ եւ...

Թուրքիոյ Նախագահական Ընտրութիւնը 18 Յունիս 2023-ին. Էրտողան Թեկնածու Է, Ընդդիմութիւնը Տակաւին Թեկնածու Չունի

Թուրքիոյ Նախագահական Ընտրութիւնը 18 Յունիս 2023-ին. Էրտողան Թեկնածու Է, Ընդդիմութիւնը Տակաւին Թեկնածու Չունի

Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 18 յունիս 2023-ին: Այս մասին յայտարարեց երկրի արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ: «Թուրքիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 18 յունիս 2023-ին: Ատիկա պիտի ըլլայ երկրորդ ընտրութիւնը, որուն պիտի մասնակցի մեր նախագահը (Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը)», ըսած է նախարարը թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Թուրքիոյ մէջ ընդհանուր (նախագահական եւ խորհրդարանական) ընտրութիւնները, տեղական օրէնսդրութեան համաձայն, տեղի...

Էրտողան. «Պէտք Է Սուրիոյ Վարչակազմին Հետ  Յաւելեալ Քայլեր Առնենք. Պետութիւնները  Չեն Կրնար Դիւանագիտական Երկխօսութիւնը Բացառել»

Էրտողան. «Պէտք Է Սուրիոյ Վարչակազմին Հետ Յաւելեալ Քայլեր Առնենք. Պետութիւնները Չեն Կրնար Դիւանագիտական Երկխօսութիւնը Բացառել»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Մեր նպատակը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին վրայ յաղթանակ արձանագրելը չէ, այլ` հիւսիսային Սուրիոյ եւ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլը»: «Սուրիական հողերուն նկատմամբ ախորժակներ չունինք: Սուրիացի ժողովուրդին զաւակները մեր եղբայրն են, եւ անոր շրջանային անվտանգութիւնը մեզի համար կարեւոր է: (Սուրիոյ) վարչակարգը պէտք է ատկէ տեղեակ ըլլայ», թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց Էրտողան:...

«Կը Յուսանք, Որ Հիւլէական Համաձայնագիրը  Վերականգնելու Գործարքին Շուրջ Համաձայնութիւնը  Գոյանայ 1 Սեպտեմբերէն Առաջ»  Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Պատուիրակը

«Կը Յուսանք, Որ Հիւլէական Համաձայնագիրը Վերականգնելու Գործարքին Շուրջ Համաձայնութիւնը Գոյանայ 1 Սեպտեմբերէն Առաջ» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Պատուիրակը

Վիեննայի մէջ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ Ռուսիոյ մնայուն պատուիրակ Միխայիլ Ուլիանով յայտնեց, որ «Հիւլէական համաձայնութիւնը վերականգնելու համար շարք մը ձեռքբերումներ տեղի ունեցան»` աւելցնելով. «Կը յուսանք, որ հիւլէական համաձայնագիրը վերականգնելու գործարքին շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ 1 սեպտեմբերէն առաջ»: «Հիւլէական համաձայնութիւնը վերականգնելու երեք բնագիրներ գոյութիւն ունին, եւ Եւրոպական Միութիւնը կը փորձէ տեսակէտները իրարու մօտեցնել»` ըսաւ Ուլիանով` նշելով. «Այն տպաւորութիւնը ունինք, որ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ հիւլէական...

«Սերպիան Եւ Քոսովոն Իրենց Միջեւ Լարուածութիւնը  Վնասազերծելու Համաձայնութիւն Չգոյացուցին»  Կ՛ըսէ Պորել

«Սերպիան Եւ Քոսովոն Իրենց Միջեւ Լարուածութիւնը Վնասազերծելու Համաձայնութիւն Չգոյացուցին» Կ՛ըսէ Պորել

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտարարեց, որ Սերպիոյ եւ Քովոսոյի ղեկավարները երէկ Պրիւքսելի մէջ իրենց գումարած ժողովի ընթացքին լուծումի մը չեն յանգած, սակայն համաձայնած են լարուածութիւնը վնասազերծելու համար յառաջիկայ օրերուն յաւելեալ բանակցութիւններ վարելու: Ան Պրիւքսելի մէջ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչի եւ Քոսովոյի վարչապետ Ալպին Քուրթիի հետ ժամեր տեւած բանակցութիւններէն ետք լրագրողներուն յայտնեց. «Դժբախտաբար, այսօր տակաւին համաձայնութեան չգոյացուցինք…...

«Ռուսիան Կը Շարունակէ Միացեալ Նահանգներուն Հետ  Քննարկել Ուքրանիոյ Առնչուող Հարցերը»  Կ՛ըսէ Ռիապքով

«Ռուսիան Կը Շարունակէ Միացեալ Նահանգներուն Հետ Քննարկել Ուքրանիոյ Առնչուող Հարցերը» Կ՛ըսէ Ռիապքով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնած է, որ Մոսկուան կը շարունակէ Ուաշինկթընի հետ քննարկել Ուքրանիոյ առնչուող հարցերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Ես կրնամ հաստատել, որ մակարդակը, որով մենք կը շարունակենք աշխատանքը, կը ներառէ Ուաշինկթընի վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնատարները: Աշխատանքը կը կատարուի ո՛չ միայն մեր երկու երկիրներու դեսպանատուներուն, այլ նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիններու միջոցով: Պահու լրջութիւնը ոչ ոք կը...

Վրաստանը, Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը  Պաքու-Թիֆլիս-Կարս Երկաթուղիի Նախագիծի  Ծիրին Մէջ Նոր Համաձայնագիր Ստորագրած Են

Վրաստանը, Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Պաքու-Թիֆլիս-Կարս Երկաթուղիի Նախագիծի Ծիրին Մէջ Նոր Համաձայնագիր Ստորագրած Են

Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնները Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի նախագիծի ծիրին մէջ տարանցման մաքսային ընթացակարգերը յստակացնելու նպատակով առաջնային տուեալներու ելեկտրոնային փոխանակման վերաբերեալ համաձայնագիր ստորագրած են: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Փաստաթուղթը ստորագրուած է 18 օգոստոսին` Պաքուի մէջ երեք երկիրներու կառավարութիւններու միջեւ մաքսային հարցերով եռակողմ յանձնախումբի նիստի ծիրին մէջ:

Լվովի Մէջ Զելենսքիի  Եւ Կութիերեսի Հետ Հանդիպումէն Ետք.  «Թուրքիան Ուքրանիոյ Կողքին Կը Կանգնի»  Կ՛ըսէ Էրտողան

Լվովի Մէջ Զելենսքիի Եւ Կութիերեսի Հետ Հանդիպումէն Ետք. «Թուրքիան Ուքրանիոյ Կողքին Կը Կանգնի» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ ուքրանական Լվով քաղաքի մէջ եռակողմ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Եռակողմ հանդիպումը քննարկեց Ուքրանիոյ մէջ ռուսական պատերազմին պատճառած նիւթական վնասներն ու անոնց ազդեցութիւնը մեղմացնելու կարելիութիւնները»: «Այսօրուան հանդիպումի ընթացքին քննարկեցինք պատանդներու հարցն ու պատերազմին վերջ տալու կարելիութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մենք ջանք կը թափենք պատերազմին դիւանագիտական միջոցներով...

Page 248 of 882 1 … 247 248 249 … 882

Արխիւներ